Տեֆոյէ Երեք Մրցումով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Թոթենհամի մարզիչ Անտրէ Վիլաս – Պոաս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ակումբին յառաջապահներէն Ժերմեն Տեֆոյէ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով երեք մրցումով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող միջազգային մարզիկին բացակայութիւնը կրնայ իր վատ անդրադարձը ունենալ լոնտոնեան կազմին վրայ, որ արդէն իսկ կը տառապէր յառաջապահներէ:

Նշենք, որ Թոթենհամ լոնտոնեան երկու այլ կազմերու` Արսենալի եւ Չելսիի հետ կը պայքարի յառաջիկայ տարեշրջանին համար «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին տոմս մը ապահովելու համար:

Share this Article
CATEGORIES