Հայրենի Կռփամարտիկները Երեք Մետալի Տիրացան Միջազգային Մրցաշարքերուն

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի երկու խումբեր մասնակցած են տարբեր երկիրներու մէջ զուգահեռաբար տեղի ունեցած միջազգային բարձր կարգի մրցաշարքերու:

Ուքրանիոյ Խերսոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին, գիւմրեցի Յովհաննէս Պաչքով (60 քկ) տիրացաւ արծաթ մետալին` կէտերու շատ չնչին տարբերութեամբ պարտուելով ուքրանացի Փաւել Իշչենքոյէն:

Իսկ Ղազախստանի Ուրալսք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին, Կորիւն Սողոմոնեան (49 քկ) եւ Ազատ Դաւթեան (91 քկ) տիրացան պրոնզ մետալի:

Նշենք, որ վերոնշեալ երկու մրցաշարքերը Հայաստանի կռփամարտիկներուն համար եղան նախապատրաստական հանգրուան մը, ինչ կը վերաբերի յառաջիկայ 31 մայիսին Մինսքի մէջ սկսելիք Եւրոպայի ախոյեանութեան:

Share this Article
CATEGORIES