Ճատրակ. Հայ Կրանտմասթըրները Մեծ Ակնկալիքներ Ունին Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութենէն
Յառաջիկայ 10-22 մայիսին Փլովտիւի մէջ (Պուլկարիա) տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ճատրակի 13-րդ անհատական ախոյեանութիւնը:
Հայազգի կրանտմասթըրները այս ախոյեանութենէն մեծ ակնկալիքներ ունին:
Այս ուղղութեամբ Վլատիմիր Յակոբեան «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է. «Շատ առիթներով մասնակցած եմ Եւրոպայի ախոյեանութեան, իսկ այս տարի աշխարհի ախոյեանութեան տոմս ալ ապահովեցի: Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս պիտի պայքարիմ առաջին հորիզոնականին համար միայն»:
Իսկ ողիմպիական ախոյեան Գաբրիէլ Սարգսեան ըսաւ. «Բոլոր մրցաշարքերուն նման Եւրոպայի անհատական ախոյեանութիւնը եւս ունի իր դժուար կողմերը: Ես միշտ մեծ ակնկալիքներով կը մասնակցիմ այս ախոյեանութեան: Սակայն կը կարծեմ, որ անիկա պիտի ըլլայ բաւական դժուար»:
Եւրոպայի ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչները պիտի ըլլան կրանտմասթըրներ` Վլատիմիր Յակոբեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Հրանդ Մելքումեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Արման Փաշիկեան, Աւետիք Գրիգորեան, Զաւէն Անդրէասեան, Էլինա Դանիէլեան, Յովհաննէս Կապուզեան, Կարէն Գրիգորեան (միջազգային վարպետ), Ռոպերթ Աղասարեան եւ Վլատիմիր Պօղոսեան (ՖԻՏԷ-ի վարպետ):

