Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Դաւիթ Հայրապետեան Մաս Կազմեց Ռուսիոյ Հաւաքականին

2012-ի Ողիմպիականի 49 քկ դասակարգին մէջ պրոնզէ մետալի տիրացած Դաւիթ Հայրապետեան մաս կազմեց Ռուսիոյ կռփամարտի հաւաքականի կազմին` մասնակցելու համար Եւրոպայի ախոյեանութեան, կը յայտնէ PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը` մէջբերելով մարզիկին անձնական մարզիչին` Վալերի Էնթալցեւի կատարած յայտարարութիւնը:

Նշենք, որ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 30 մայիսէն 9 յունիս` Մինսքի մէջ:

«Հայրապետեան իբրեւ թիւ 1 դասուած մարզիկ մաս կազմեց Ռուսիոյ հաւաքականին: Յամենայն դէպս, ատիկա այդքան ալ անհրաժեշտ չէ, որովհետեւ մեր նպատակը մէկ է` յաղթել», ըսաւ Վալերի Էնթալցեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES