ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի «ԱՐՇԱՒԻՐ ՇԻՐԱԿԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ. ՍՈՒԼՈՒԽԻ ԿՌԻՒԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԵԿՈՅ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, երէկ` երկուշաբթի, 16 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուլուխի կռիւին նուիրուած յեղափոխական երգերու երեկոյ` ներկայութեամբ մեծաթիւ երիտասարդներու:

Հանդիսութեան ընթացքին լիբանանահայ տաղանդաւոր երիտասարդներ Սերոբ Յակոբեան եւ Լուսին Տեմիրճեան երգեցին ազգային-յեղափոխական երգեր` նուիրուած ազգային ազատագրական պայքարին, հերոսներու քաջագործութիւններուն եւ ազգային գոյապայքարի շարունակութեան:

Յատկանշական էր ԼԵՄ-ականներուն կողմէ երգերու ընդմիջումներուն Սուլուխի կռիւին նկարագրութիւնն ու Ֆետայիներու կատարած հերոսական ծառայութիւններուն եւ անոնց  նուիրումին ներկայացումը: Ձեռնարկին նաեւ երգերով մասնակցեցաւ պատանի Ռազմիկ Ճուլֆայեան: Երգերուն կը նուագակցէր Սեդօ Պաղտասարեան:

ԼԵՄ-ականներն ու լիբանանահայ երիտասարդները յեղափոխական երգերու ընդմէջէն վերանորոգեցին իրենց ուխտը` կառչած մնալու Սուլուխի կռիւի եւ հերոսներու ազգային պատգամին ու շարունակելու պահանջատիրութեան երթը:

 

Share this Article
CATEGORIES