ԶՈՄ-ԶՈԳ. ՄԻՋՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ «ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»ԻՆ
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին կազմակերպած միջուսանողական զարգացման մրցումը շահած` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի թիւ 1 խումբի անդամները` Խաչիկ Հրակ Տեմիրճեան, Կարէն Կոտալազեան եւ Խաժակ Խաչատուրեան, երէկ «Արցախ ֆոնտ»ին յանձնեցին 2,5 միլիոն լիբանանեան ոսկի արժողութեամբ իրենց մրցանակը:
Այս առիթով «Արցախ ֆոնտ»ի ներկայացուցիչ Մելքոն Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդներուն` ողջունելով անոնց նախաձեռնութիւնը:
Ան յոյս յայտնեց, որ այս քայլը նախընթաց կ՛ըլլայ ապագային կատարուելիք նման նախաձեռնութիւններու:
Նշենք, որ միջուսանողական զարգացման մրցումը տեղի ունեցած էր 2 ապրիլին: Մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին լիբանանեան 8 համալսարաններ յաճախող 48 ուսանողներ, որոնք բաժնուած էին 16 խումբերու: Շահող խումբը իր մրցանակը պիտի նուիրէր իր իսկ ընտրած բարեսիրական հաստատութեան:

