ՃԱՄԱՅՔԱՅԻ ՄԷՋ. ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ` ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
17-25 մայիս 2011-ին Քինկսթընի մէջ (Ճամայքա) տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կազմակերպած խաղաղութեան նուիրուած միջազգային համագումարը, որուն ներկայ պիտի գտնուին զանազան եկեղեցիներ ներկայացնող աւելի քան 1000 ժողովականներ:
Արամ Ա. կաթողիկոսին տնօրինութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը սոյն համագումարին պիտի մասնակցի հնգանդամ պատուիրակութեամբ` Նարեկ արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու), Անուշաւան եպս. Դանիէլեան (Առաջնորդական փոխանորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի), Մարք Աւ. սրկ. Շիրին (Ֆրեզնօ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմ), Ժանեթ Նազարեան (Ֆիլատելֆիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմ) եւ Աստղիկ Գանտահարեան (Լիբանան, Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւն):