ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 15 մայիս 2011-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի Բ. ընծայարան դասարանի ուսանողներուն` Սեբաստիա կիս. սրկ. Ղարախանեանի, Համբարձում կիս. սրկ. Պալգճեանի եւ Անդրանիկ կիս. սրկ. Տալգլըճեանի:
Ս. պատարագին հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Պատարագը մատուցեց Հրանդ աբղյ. Թահանեան, իսկ ձեռնադրութիւնը կատարեց եւ քարոզեց Նորայր եպս. Աշըգեան: Խարտաւիլակն էր Մասիս վրդ. Զօպույեան:
Իր քարոզին մէջ ձեռնադրիչ սրբազանը շնորհաւորական խօսքին առընթեր խրատական ուղղեց նորընծայ սարկաւագներուն` տէր ըլլալու իրենց ստացած կարգին: Սրբազանը խօսեցաւ Կիլիկեան սուրբ աթոռին մասին` ըսելով. «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ հիմնուած է այս Ս. աթոռը, ու Տէր Զօրի անապատներէն անցած եւ նահատակներու արիւնով նուիրագործուած: Գիտցէ՛ք, թէ ի՛նչ նուիրական պարտաւորութիւն կը ստանձնէք այս Ս. աթոռին ճամբով մեր եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին ծառայելու նուիրուելով»:
Այս առիթով, ձեռնադրիչ սրբազանը շնորհաւորական խօսքերով իր որդիական յարգանքը ընծայեց վեհափառին: Ան շնորհաւորեց նաեւ դպրեվանքի տեսուչ Շահէ եպս. Փանոսեանը, տեսչութեան անդամները, ուսուցչական կազմը եւ նորընծաներու ծնողները:
Աւարտին, վեհարանին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց նորընծայ սարկաւագները եւ անոնց ծնողները, եւ իր անդրանիկ օրհնութիւնը տուաւ անոնց: Այս առիթով` վեհափառը իր խօսքը ուղղեց նորընծայ սարկաւագներուն` հայ եկեղեցւոյ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեանքին կառչած մնալ յորդորելով զանոնք: Ծառայութեան ոգին շեշտելով` ան ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր հոգեւորականի մէջ սարկաւագ մը կայ, որ ծառայութեան առաջին աստիճանը ըլլալով, հիմքը կը դառնայ անոր յառաջիկայ կեանքին ու առաքելութեան: Ապա նորընծաները ծունկի գալով վեհափառին առջեւ, պահպանիչով ու աջահամբոյրով ստացան անոր օրհնութիւնը: