ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ. ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ «ՎԵՐՆԻՍԱԺ»
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, երէկ` երկուշաբթի, 16 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երեւանեան «վերնիսաժ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումը:
Հաւաքական ցուցահանդէսին ներկայացուած էին գործերէն այն արուեստագէտներուն, որոնք Երեւանի նշանաւոր վերնիսաժին մէջ իրենց ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրեն ու կը վաճառեն: Սրահին պատերը զարդարած էին Մելիք Ղազարեանի, Մովսէս Պետրոսեանի, Ալեք Ալեքեանի, Հենրիկ Աւագեանի, Համլեթ Արշակեանի, Վրէժ Թամազեանի, Գուրգէն Գադազիկի եւ Վիգէն Ստեփանեանի պաստառները, որոնց մէջ արտայայտուած էին տարբեր նիւթեր եւ պատկերներ, ինչպէս` դէմքեր, բնութեան տարբեր դրսեւորումներ, զգացումներ, եղանակներ եւ այլն: «Ազդակ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կազմակերպիչները նշեցին, որ այս ձեռնարկը կայացած է հայրենի արուեստագէտներուն հետ համագործակցաբար` աւելցնելով, որ անոնց հետ կապը եղած է նաեւ ցուցահանդէսի մասնակիցներէն հայրենի արուեստագէտ եւ բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեան: Իր կարգին, Վ. Ստեփանեան յայտնեց, որ Երեւանի արուեստի այդ տարածքը Պէյրութ փոխադրելու նախաձեռնութիւն մըն էր ասիկա, որուն ընթացքին վաճառուած գործերուն սակերը միեւնոյնն են, ինչպէս Երեւանի մէջ:
Սրահի մուտքին կը վաճառուին ձայնասկաւառակները Արմէն Դարբինեանի եւ Աննա Խաչատրեանի:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի նաեւ այսօր` երեքշաբթի, 17 եւ վաղը` չորեքշաբթի, 18 մայիսին` ժամը 6:00-էն 9:00: