ՏԵՍԱԿԷՏ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԻՆՔՆԱՏԻՊ ԵՒ ՅՈՒՇԱՐԱՐ ԵՐԳԸ
Շաբաթ, 14 մայիսին, Գերմանիոյ Տիւսելտորֆ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Եուրովիժըն» տարեկան երգի մրցանքի աւարտական հանգրուանը, որ հակառակ օգտագործուած գերարդիական եւ տպաւորիչ բեմայարդարումին, երաժշտական տեսանկիւնէ բաւական ձանձրացուցիչ էր: Հարցը այն էր, որ տարբեր երկիրներու ներկայացուցած երգերը առաւել կամ նուազ չափով իրարու յար եւ նման էին: Անոնք ամերիկեան երգերու կեղծուած տարբերակներ էին, ինչ որ ամերիկեան բնատիպերու գոյութեան լոյսին տակ հարցականի տակ կը դնէր վերջիններուս կեղծուած տարբերակներու իրերայաջորդ ունկնդրութեան համար ժամանակ վատնելու նպատակայարմարութիւնը: Եւ ահա բեմ բարձրացաւ Յունաստանի ներկայացուցիչ Լուքաս Կորքաս` իր կողքին ունենալով Սթերիօ Մայքը (բուն անունով` Մայք Էքսարքոս): Յունաստանը ներկայացնող զոյգը մեկնաբանեց «Պարս դիտէ» երգը, որ յունական արդիական Լայիքոյի եւ ամերիկեան հիփ հոփի միախառնում մըն էր` անգլերէն եւ յունարէն բառերով: Կրկներգը, որ յունարէն էր, դիպուկ կերպով հետեւեալը կ՛ըսէր. «Գլուխս բարձր եւ թեւերս բաց: Հոգիս ունի կրակը` բոլոր վախերը այրելու: Դէպի Աստուած կը քալեմ իմ ուղիէս, իսկ եթէ իյնամ` դարձեալ ոտքի պիտի կանգնիմ»:
Մրցանքին ֆիզիքապէս յոգնեցուցիչ միապաղաղ տափակութեան մթնոլորտին մէջ, Յունաստանը ներկայացնող երգը անհրաժեշտ համբերութիւնն ու ուժը պարգեւեց մինչեւ երգերուն աւարտը յայտագիրին հետեւելու: Մինչ այլ երկիրներու ներկայացուցած երգերը, որոնք մեծամասնութեամբ անգլերէն էին, անորոշութեան մէջ կը խարխափէին, Յունաստանը իր աւանդական զէյպաքիքօ կշռոյթի երգով եւ Աքրոփոլիսէն ներշնչուած բեմայարդարումով, «իր ուղիէն» ընթացաւ եւ ժամանակավրէպ թուելու «բոլոր վախերը այրելու կրակը» ունենալով` եկաւ բոլորիս ցոյց տալու, որ կարելի է արդիականութեան հետեւիլ` առանց մեր ինքնութիւնը ուրանալու կամ անկէ բան մը զիջելու: «Մեր գլուխները բարձր եւ թեւերը բաց» ըլլալ պատգամող երգը, առանց համաշխարհայնացման միատեսակութիւն պարտադրող հոսանքին անձնատուր ըլլալու, գրաւեց 7-րդ դիրքը: Սակայն այդ արդիւնքէն անկախ եւ աւելի կարեւորը այն է, որ յոյները եկան աշխարհին յիշեցնելու, թէ աչքառու ըլլալու գրաւականը ինքնատիպութիւնն ու անկեղծութիւնն է եւ ոչ թէ փէշին կարճութիւնը:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

