Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կը գտնուի աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթական, եւ արդէն իսկ երկիրը լուրջ հարցի մէջ է` անոնց ապաստան տրամադրելու առումով:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիական ազատ բանակը իր շարքերը կը կազմաւորէ հիւսիսային Լիբանանի մէջ, իսկ անոր անդամները դիրքեր կը բռնեն Մալլուլէի, Պապ Թըպպանէի, Զահիրիէի, Քըպպէի, Թալլի եւ Մինայի մէջ:
ԸՍՏ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներուն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Թամմամ Սալամի անունը պիտի չառաջադրէ վարչապետի պաշտօնին համար:
ԳԻՏԱԿԱՆ եւ օդերեւութաբանական կառոյցներուն համաձայն, յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին Լիբանանը պիտի հարուածեն փոթորիկներ, որոնց պատճառով կլիման պիտի տարուբերի ցուրտի եւ ապա գարնանային եղանակի միջեւ:
«ՆԱՇՐԱ» կայքէջին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն համախմբումի հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ ինք պիտի չխոչընդոտէ ընտրական օրէնքի մը շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը:
ԹՐՔԱԿԱՆ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխան Իսմայէլ Կիւնեշ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հեզասահ յարաբերութիւններ կան` աւելցնելով, որ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդուած են փոխադարձ այցելութիւններուն իբրեւ հետեւանք:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող չէզոք կառավարութեան մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական կառավարութեան մը կազմութիւն կը նշանակէ երեսփոխանական ընտրութիւններու յետաձգում:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ ընդունեց նախկին ընդհանուր դատախազ Ատնան Ատտումը, որ յայտնեց, թէ նախքան կառավարութեան մը կազմութիւնը, պէտք է համախոհութիւն գոյացնել ընտրական օրէնքի մը շուրջ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ երեսփոխան Թամմամ Սալամ չափաւորական անձնաւորութիւն մըն է, սակայն ան մտերիմ է Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին շեշտեց, որ Մոսկուա կը մերժէ Ապահովութեան խորհուրդի մէջ Սուրիոյ վերապահուած աթոռը յանձնել սուրիական ընդդիմութեան:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Վերա Եամմին շեշտեց, որ Թամմամ Սալամ միջին քաղաքականութեան անձնաւորութիւն մը չէ, հետեւաբար վարչապետի պաշտօնին համար կարելի չէ անոր անունը առաջադրել իբրեւ համախոհական թեկնածու:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման անհրաժեշտ կը նկատէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` ամրապնդելու համար երկրին ժողովրդավարութիւնը:

