«Արաբական Լիկան Ի՛նք Օրինականութեան Կարիք Ունի Եւ Ոչ Թէ Զայն Կը Շնորհէ Կամ Անկէ Կը Զրկէ» Կ՛ըսէ Ասատ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ թրքական «Ուլուսալ» պատկերասփիւռի կայանին եւ «Այտընլըք» օրաթերթին հետ իր ունեցած եւ այսօր հրապարակուելիք հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ «Արաբական լիկան, Սուրիոյ աթոռը ընդդիմութեան տալուն լոյսին տակ, ի՛նք օրինականութեան կարիք ունի»:
Ան ըսաւ, որ «Արաբական լիկան արաբական պետութիւնները կը ներկայացնէ եւ ոչ թէ արաբ ժողովուրդները, ուստի լիկան օրինականութիւն չի շնորհեր, ոչ ալ օրինականութենէ կը զրկէ»` նշելով, որ «իսկական օրինականութիւնը կազմակերպութիւններէ չի գար, ո՛չ ալ քու երկրէդ դուրս եղող պաշտօնատարներէ կամ այլ երկիրներէ, օրինականութիւնը ժողովուրդին կողմէ կը տրուի, ատկէ բացի բոլոր այս թատրերգութիւնները մեզի համար անարժէք են»:
Պատասխանելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի այն յայտարարութեան, թէ կը նախընտրէ հրաժարիլ, քան Ասատի ձեռքը թօթուել, վերջինս յայտնեց, որ «այդ խօսքը ուշադրութեան արժանի չէ եւ ատոր կարելի չէ պատասխանել: Եթէ չէ եղած մէկը, որ զինք տան մէջ լաւ դաստիարակած է, ապա ես իմ տանս մէջ լաւ դաստիարակութիւն ստացած եմ: Եթէ բան չէ սորված թուրք ժողովուրդին բարոյականութենէն, որ Թուրքիա իմ այցելութիւններուս ընթացքին տեսած եմ, ապա ես Սուրիոյ մէջ սուրիացի ժողովուրդի բարոյականութենէն շատ բան սորվեցայ»:
Քրտական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ ՔԱԿ-ին մօտիկ եղող Քրտական ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան զինեալները Շէյխ Մաքսուտի մէջ Սուրիական ազատ բանակին կողքին կը կռուին սուրիական բանակին դէմ, ճիշդ ինչպէս կատարած էին Հալէպի մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած Էշրեֆիէ թաղամասին մէջ` նշելով, որ երկու կողմերը կ՛ուզեն Շէյխ Մաքսուտի տիրել, որովհետեւ քաղաքին տիրող բարձր բլուրի մը վրայ կը գտնուի, ինչ որ քաղաքը վերահսկողութեան տակ առնելու տեսանկիւնէն կարեւոր դիրք մըն է:
«Հայաթ» օրաթերթը նաեւ մէջբերելով դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւրներ հաղորդեց, որ շարք մը արաբական երկիրներ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ ներկայացուցչութեան ճակատամարտին ձեռնարկած են բանաձեւի մը միջոցով, որ տակաւին իր առաջին հանգրուանին մէջ է եւ պիտի քննարկուի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին: Բանաձեւը ՄԱԿ-ին կոչ կ՛ուղղէ սուրիական ընդդիմութիւնը ճանչնալու իբրեւ սուրիացի ժողովուրդի միակ օրինական ներկայացուցիչ: Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա սկսած են ՄԱԿ-ի անդամ այլ երկիրներու հետ այդ բանաձեւին մանրամասնութիւնները քննարկել: Կը նախատեսուի զայն քուէարկութեան ներկայացնել այս ամսուան ընթացքին:


