Համաս Իսրայէլի Պատգամնե՞ր Յղած Է
Բազմահազար պաղեստինցիներ երէկ մասնակցեցան Գալիլիոյ մէջ Իսրայէլի կողմէ գերեվարուած Մայսարա Ապու Համտիէի յուղարկաւորութեան: Նշենք, որ Համտիէ քաղցկեղէ կը տառապէր եւ իսրայէլեան անտեսումի պատճառով մահացած էր:
Պաղեստինեան գերիներու եւ ազատագրուածներու հարցերով նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իսրայէլեան բանտերուն մէջ կացութիւնը կը շարունակէ լարուած ու վտանգաւոր մնալ եւ գերիները կը շարունակեն իրենց բաց հացադուլը: Նշենք, որ Համտիէի մահուան լուրին տարածումէն ետք իսրայէլեան բանտերուն մեծամասնութեան մէջ պաղեստինցի գերիներու եւ իսրայէլացի բանտապահներու միջեւ բախումներ տեղի ունեցան:
Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան Աշքոլի դէմ Կազայէն հրթիռ մը արձակուած է: Երուսաղէմի մէջ քաղաքական բարձրաստիճան աղբիւր մը ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Կազայի դէմ կատարուած «Ամպի սիւն» գործողութենէն ետք որոշած է չարտօնել վերադարձը այն կացութեան, որուն մէջ հարաւային Իսրայէլը «կաթիլ առ կաթիլ» ռմբակոծումի կ՛ենթարկուի:
Իսրայէլեան աղբիւրները նաեւ քննադատեցին Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը` չորեքշաբթի օր իսրայէլեան երկու քաղաքներու ռմբակոծումը չդատապարտելուն եւ Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալին հեռաձայնելով զօրակցութիւն յայտնելուն համար:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Եգիպտոս անցեալ ժամերուն ճնշում բանեցուցած է Համասի վրայ, որուն պատճառով վերջինս ձերբակալած է Իսրայէլի դէմ հրթիռ արձակողները, ներառեալ` Սալաֆական շուրայի անդամները:
Իսրայէլեան աղբիւր մը նշեց, որ Համաս անցնող ժամերուն Եգիպտոսի ճամբով Թել Աւիւի փոխանցած է պատգամներ, թէ ան յանձնառու կը մնայ զինադադարին, առնչակից չէ ատոր խախտումին եւ աշխատանք պիտի տանի ատոր կրկնութիւնը կանխարգիլելու:
Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը Իսրայէլի հասարակութեան մտահոգութիւնը փարատելու փորձով մը յայտնեց, որ Համաս յանձնառու է զինադադարին, հրթիռներ պիտի չարձակէ եւ Ստերոթի դէմ հրթիռ չէ արձակած, այլ այդ արարքները գործողներու ձերբակալման արշաւի ձեռնարկած է:

