Առանց Իրեն Հետ Պաղեստինեւիսրայէլեան Տագնապի Խաղաղութեան Ծրագիր Բերելու Քերրի Թուրքիոյ Մէջ Թուրք-Իսրայէլեան Հաշտեցումը Պիտի Քննարկէ
Ամերիկեան պատասխանատու աղբիւրներ «Իսրայէլեան» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ իրենք չեն նախատեսեր, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յառաջիկայ շաբաթ շրջան իր այցելութեան ընթացքին իսրայէլեան եւ պաղեստինեան կողմերուն խաղաղութեան նոր ծրագիր մը ներկայացնէ` նշելով, որ ան իր ջանքերը պիտի կեդրոնացնէ երկու կողմերը բանակցութեան սեղան վերադառնալ համոզելուն վրայ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ Քերրի իրեն հետ խաղաղութեան նոր ծրագիր մը չի բերեր:
Քերրի այս շաբաթավերջին Ուաշինկթընէն կ՛ուղղուի Պոլիս, ուր, ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտի, պիտի քննարկէ տարբեր հարցեր, ներառեալ` Սուրիոյ տագնապը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ Քերրիի հետ պիտի քննարկէ «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ իսրայէլեան յարձակումի զոհերուն հատուցման հարցը:
Քերրի 8-9 ապրիլին պիտի այցելէ Երուսաղէմ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ եւ այցելէ Ռամալլա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:
Մինչ այդ, Քերրի խօսելով Եգիպտոսի մէջ տիրող կացութեան մասին յայտնեց, որ «վերջին շաբաթներուն ընթացքին մեծ ջանքեր, շատ մեծ ջանքեր թափեցինք` փորձելով եգիպտական կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը իրարու մերձեցնել, Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւն գոյացնել եւ հասնիլ փոխզիջումի մը, որ Եգիպտոսի կ՛արտօնէ իր տնտեսութիւնը բարեփոխել եւ իր քաղաքացիներուն կեանքի մակարդակը բարելաւել»:
Ան աւելցուց, որ Օպամայի վարչակարգը «Եգիպտոսի ընթացքին նկատմամբ իսկական մտահոգութիւն ունի, եւ բոլորին հետ կը բաժնենք քաղաքական եւ տնտեսական մարտահրաւէրներուն նկատմամբ մտահոգութիւնը»:


