Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորում»-ի Ներկայացուցիչները
Երէկ` հինգշաբթի, 4 ապրիլ 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորում»-ը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին նոյն կազմակերպութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հիւպըր Վան Պիք եւ ներկայ ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Լարի Միլըր եւ դոկտ. Կապրիէլ Հաշեմ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան:
Պատուիրակութիւնը այցելած էր վեհափառ հայրապետին նախ տեղեակ պահելու «Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորում»-ի աշխատանքներուն մասին եւ ունենալու իր տեսակէտները:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ լայն քննարկումի ենթարկելու յիշեալ միջեկեղեցական կազմակերպութեան գործունէութիւնը: Միջեկեղեցական շարժումին մէջ իր ունեցած երկար տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ, վեհափառ հայրապետը կատարեց շարք մը մատնանշումներ յիշեալ կազմակերպութեան կառոյցին աշխատելաձեւին ու նպատակին մասին եւ ապա ծանրացաւ յառաջիկայ շրջանին անոր որդեգրելիք առաջնահերթութիւններուն վրայ: Այս ծիրին մէջ, վեհափառ հայրապետը շեշտեց միջեկեղեցական գործակցութեան առընթեր միջկրօնական գործակցութեան ու գոյակցութեան յատուկ կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը: Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ կազմակերպութեան աշխատանքներուն:

