«Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» Սրահին Մէջ Քննական Մտածողութեան Կարեւորութեան Մասին Իր Բնոյթով Շահեկան Կլոր Սեղան

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` հինգշաբթի, 4 ապրիլ 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան, որուն նիւթն էր «Քննական մտածողութեան կարեւորութիւնը», ներկայութեամբ ազգային վարժարաններու տնօրէններուն, կրթական պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներուն:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մարալ Անթոյեան, որ նշեց, թէ քննական մտածողութեան կազմաւորումը այժմէական եւ հրատապ նիւթ է: Ապա խօսք առաւ կլոր սեղանի զրուցավար Շաղիկ Խիւտավերտեան, որ յայտնեց, թէ քննական մտածողութիւնը մերօրեայ ապրելակերպին ու դարուն մէջ ունի որոշիչ դեր, որպէսզի անհատները գիտնան արդիւնաւէտ ձեւով մտածել:

Խիւտավերտեան ըսաւ, որ հաւաքական պատասխանատուութիւն է այս օրակարգին քննարկումն ու զարգացումը, եւ այս կլոր սեղանը համապատասխան մասնագէտներուն ընդմէջէն պիտի փորձէ հարցը քննել մանկավարժական, հոգեբանական եւ փիլիսոփայական դիտանկիւններէն:

Զրոյցին հարցումներուն ընդմէջէն երեք զեկուցաբերները` Սիլվա Փափազեան, դոկտ. Յակոբ Եագուպեան եւ դոկտ. Սիւզան Քասսապ տուին պատասխաններ: Անդրադառնալէ ետք մտածողութիւն զարգացնող այլ ազդակներու` Եագուպեան ըսաւ, որ քննական մտածողութիւնը կրթական իտէալ մըն է, որ կը նպաստէ լաւ որոշումներ տալու, սկզբունքային մտածելու` տալու համար խելամիտ որոշումներ:

Դոկտ. Եագուպեան շեշտեց, որ ուսուցիչները իրենց տիպար օրինակով եւ հարցերուն նկատմամբ քննական կեցուածք ցուցաբերելով պէտք է բերեն իրենց մասնակցութիւնը: Ան յայտնեց, որ այս օրակարգին քննութիւնը յառաջիկային տարբեր մակարդակներու վրայ պէտք է շարունակուի, եւ կատարուին գիտական ուսումնասիրութիւններ:

Իր կարգին, Սիլվա Փափազեան խօսեցաւ տարիքային հանգրուաններուն ընթացքին երեխաներու եւ պատանիներու քննական մտածողութեան կարողականութիւններու զարգացման միջոցներուն մասին: Փափազեան շեշտեց, որ ծնողներուն ներդրումը շատ կարեւոր է, եւ անոնք հասկնալու միտում եւ իրենց հետ ըլլալու միտում պէտք է ունենան:

Սիլվա Փափազեան ըսաւ, որ փոխանակ պատանիներուն լուծումներ տանք, մենք պէտք է օգնենք, որ իրենք լուծումներ գտնեն: Փափազեան նշեց, որ ազգային ինքնութեան հարցը ունի երկու մակարդակ` իմացական եւ զգացական, եւ ինքնութիւնը մնայուն զարգացման մէջ պէտք է ըլլայ:

Կլոր սեղանի երրորդ զեկուցաբեր դոկտ. Սիւզան Քասսապ յայտնեց, որ անհատներ կամ հաւաքականութիւններ կը կորսնցնեն մարդկութիւնը, եթէ չունենան քննական մտածողութիւն: Ան նշեց, որ արաբական ընկերութիւններուն մէջ քննական մտածողութեան առիթ չտալուն պատճառով ընկերութիւնները տկարացան եւ մարդ անհատը քանդուեցաւ:

Քասսապ շեշտեց, որ ազատ մտածողութեամբ ընկերութիւն ունենալու համար պէտք է ունենալ քննական մտածողութեան տէր ծնողներ, ուսուցիչներ եւ կրթական պատասխանատուներ:

Զրոյցին նաեւ մասնակցեցան Աստղիկ Փանոսեան, Արազ Գոճայեան, Վերա Եագուպեան, Արմէն Ապտալեան, Զաքար Քէշիշեան եւ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, որոնք նիւթին շուրջ իրենց անհատական փորձառութիւններէն մեկնած տուին վկայութիւններ եւ տեսակէտներ:

Ապա ներկաները հարցումներու ընդմէջէն հարցին շուրջ յայտնեցին իրենց տեսակէտները եւ ստացան յաւելեալ լուսաբանութիւններ:

Աւարտին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հաստատեց, որ կրթական գործիչները քննական մտածողութիւն կազմաւորելու իմաստով ունին գործ, եւ այս ընթացքը այսօր պահանջի վերածուած է:

Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ հայ դպրոցին նպատակն է պատրաստել հայեցի դաստիարակութիւն ստացած սերունդ` այսօրուան ընկերութեան պահանջած սկզբունքներով եւ մօտեցումներով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES