Հաղորդագրութիւն
«Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց» (ԱՌԻ) ընկերութեան հրաւէրով` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, 20-24 մարտ այցելեց Լիբանան, ուր հիւրը եղաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառին: Ապա 25-29 մարտ ԱՌԻ-ի տնօրէն խորհուրդի կարգ մը անդամներու ընկերակցութեամբ ան այցելեց Կիպրոս, Զուիցերիա եւ Ֆրանսա:
Շրջագայութեան հիմնական նպատակն էր`
- Հայ գործարարներուն ծանօթացնել Արցախի մէջ շուրջ երեք տարիէ ի վեր գործող «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց» (ԱՌԻ) ընկերութիւնը,
- Ընկերութեան ներդրումներու շնորհիւ ձեռք բերուած տնտեսական աճը,
- Յառաջիկայ ծրագիրներու նախագիծը եւ Ներգրաւել նոր բաժնետէրեր ու ներդրումներ
ԱՌԻ մինչեւ օրս փոքր վարկերու միջոցով 1,9 միլիոն տոլար տրամադրած է գիւղատնտեսութեան զարգացման համար: Ասոր զուգահեռ կը նախատեսուի վարկեր տրամադրել նաեւ ԱՌԻ-ի նոր ծրագիրին` բնակարանաշինութեան մարզին, յատկապէս Քաշաթաղի Բերձոր քաղաքի մուտքին 150 բնակարաններէ բաղկացած երեք հանգրուաններով կառուցուելիք գիւղին: Այս ծրագիրը եւս, ինչպէս նախորդը, ամբողջութեամբ կը համակարգուի Արցախի պետութեան հետ ու կը վայելէ անոր երաշխաւորութիւնը:
Վարչապետին ունեցած աւելի քան տասնեակ մը աշխատանքային հանդիպումներուն արդիւնքը եղաւ`
- Տարբեր գաղութներէ շուրջ 60 գործարարներ պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց մասնակցութիւնը բերելու Քաշաթաղի ու Շահումեանի շրջաններու վերաբնակեցման աշխատանքներուն եւ ԱՌԻ-ին անդամակցելով ներդրումներ կատարելու:
- ԱՌԻ-ի ներկայ բաժնետէրերէն շատեր իրենց փոխատուութիւն-ներդրումները նշանակալիօրէն աւելցուցին:
Ձեռք բերուած արդիւնքներուն շնորհիւ յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն ընթացքին կը նախաձեռնուի նոր կառուցուելիք գիւղի առաջին հանգրուանին:
Յոյսով ենք, որ ԱՌԻ-ն պիտի ըլլայ համահայկական ներդրումային հիմնադրամի մը կորիզը, որ պիտի սատարէ Արցախի վերաբնակեցման ու տնտեսութեան զարգացման:
ԱՌԻ «ԱՐՑԱԽ ՌՈՒՑ ԻՆՎԵՍԹՄԸՆՑ»

