Հայաստանի Համազգայինի Թատրոնը Ներկայացուց Ուիլիըմ Սարոյեանի «Գաւաթ Մը Բարութիւն» Թատերախաղը

Կազմակերպութեամբ եւ հրաւէրով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 4 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Հայաստանի Համազգայինի թատրոնը ներկայացուց Ուիլիըմ Սարոյեանի «Մէկ գաւաթ բարութիւն» թատերախաղը, բեմադրութեամբ` Սօս Սարգսեանի:

Հայաստանի Համազգայինի թատրոնի դերասանները հայ հանդիսատեսին փոխանցեցին շատ պարզ պատգամ մը` կեանքը գեղեցիկ է, պէտք է ապրիլ յոյսով եւ մնալ հաւատարիմ մարդկային արժանիքներուն: Հաւատալ մարդու հոգեկան բարութեան եւ ապրիլ պարզ ու գոհունակութեամբ:

Դերասաններուն բացառիկ խաղարկութեամբ ներկաները վայելեցին թատրոնի իսկական հաճոյքը` վերակենդանացնելով իրենց մէջ անոր ուժն ու իմաստը: «Մէկ գաւաթ բարութիւն» թատերախաղը ներկաները փոխադրեց աւելի յստակ, պարզ եւ գեղեցիկ աշխարհ, ուր մարդկային արժէքները չեն մոռցուած, չեն կոխկռտուած կամ փոխարինուած գնայուն արժէքներով:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Հայաստանի Համազգայինի թատրոնին միջեւ գործակցութիւնը սկսաւ քանի մը տարիներ առաջ, արդէն 4-րդ անգամն է, որ թատրոնի լիբանանահայ հանդիսատեսին կը ներկայանայ տարբեր թատերախաղերով: Հայաստան – սփիւռք կապերու ամրապնդման մէջ դերակատարութիւն ունենալէ աւելի այս գործակցութիւնը նաեւ կարեւոր է թատերական արուեստի քաջալերման առումով:

Մնալով հաւատարիմ իր առաքելութեան` Համազգայինը ճիգ չի խնայեր հայ հանդիսատեսին ներկայացնելու ամէնէն գեղեցիկն ու ամէնէն հարազատը, եւ այս թատերախաղերուն ներկայացումը կու գայ վկայելու այդ կեցուածքին մասին:

«Գաւաթ մը բարութիւն» թատերախաղին մէջ դեր ստանձնած են Մխիթար Աւետիսեան, Տաթեւ Ղազարեան, Նարեկ Պաղտասարեան, Դաւիթ Յակոբեան, Արման Նաւասարդեան, Կարինէ Գրիգորեան, Սերկէյ Թովմասեան: Երաժշտական ընտրութիւնը կը պատկանի Մարտին Վարդազարեանի, իսկ հագուստներու ձեւաւորումը` Կրեթա Նալջաճեանի:

Ուիլիըմ Սարոյեանի «Մէկ գաւաթ բարութիւն» թատերախաղը, բեմադրութեամբ` Սօս Սարգսեանի, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կը ներկայացուի այսօր եւս, դարձեալ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, իսկ շաբաթ, 6 ապրիլին, Հայաստանի Համազգայինի թատրոնը կը ներկայացնէ «Շան աղջիկ» կատակերգութիւնը, բեմադրութեամբ` Սաթենիկ Խաչատրեանի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES