«Մերձաւոր Արեւելքի Հայաստանը` ԺԱ.-ԺԴ. Դարերուն» Գիրքի Հրատարակութեան Առընթեր. Ֆրանսահայ Պատմագէտ Քլոտ-Արմէն Մութաֆեան Ներկայացուց Արեւելքի Մէջ Հայկական Հզօր Ներկայութիւնը Միջնադարու Շրջանին

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներէն` հնագէտ-ճարտարագէտ Րաֆֆի Չերչեանի ու գործակցաբար «Մերձաւոր Արեւելքի ֆրանսական հիմնարկ»-ին, երէկ` հինգշաբթի, 4 ապրիլ 2013-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, շահեկան դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ ֆրանսական դեսպանատան կից` ֆրանսական հիմնարկին մէջ:

«Մերձաւոր Արեւելքի ֆրանսական հիմնարկ»-ի գիտական տնօրէն Մարք Կրիզայմըր ողջունելով ներկաները բացումը կատարեց ձեռնարկին` ֆրանսերէնով ներկայացնելով օրուան բանախօսը` պատմագէտ Քլոտ-Արմէն Մութաֆեանը: Սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով բանախօսին կենսագրականը` Կրիզայմըր շեշտեց այս եւ նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը պատմութեան փայլուն էջերու բացայայտումին մէջ:

Ապա խօսք առաւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ, պատմական գիտութիւններու դոկտ. Քլոտ-Արմէն Մութաֆեան, որ աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ անդրադարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայկական տիրական ներկայութեան` պետական, վարչական, դիւանագիտական, մշակութային, յարաբերական ու այլ մարզերու մէջ:

Ֆրանսերէնով ներկայացուած այս դասախօսութիւնը հակիրճ ամփոփումն էր համանուն նիւթով նոյեմբեր 2012-ին լոյս տեսած Մութաֆեանի ֆրանսատառ «Մերձաւոր Արեւելքի Հայաստանը` ԺԱ.-ԺԴ. դարերուն» երկհատոր աշխատասիրութեան: Ֆրանսական «Լէ պել լեթրը» հրատարակչատան կողմէ 1100 տպաքանակով (95 եւրօ) լոյս տեսած դոկտ. Մութաֆեանի գիրքը լուսարձակի տակ կ՛առնէ հայու գոյատեւելու հզօր կամքը, որ թէկուզ իր մայրենի հողէն հեռու` նախանձախնդիր էր հայ ազգային պետականութեան վերահաստատման: Երկհատորեայ աշխատասիրութիւնը կ՛ընդգրկէ 74 քարտէսներ եւ 230 գունաւոր պատկերներ: Մութաֆեան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց հայութեան վիճակը յատկապէս մայր հայրենիքի վերջին պետականութեան` Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն ետք: Ան շեշտեց հայու չյուսահատող, հայօրէն գոյատեւելու աննկուն կամքը, որ յաղթահարելով տուեալ շրջանի այլազան արգելքներն ու մարտահրաւէրները` յաջողեցաւ նոր շունչ ու ոգի տալ, վերականգնել հայոց պետականութիւնը, թէկուզ պատմական Հայաստանի մերձակայ Կիլիկեան շրջանին մէջ: Մութաֆեան յատուկ բծախնդրութեամբ բացայայտեց իւրաքանչիւր մանրանկարի փոխանցած պատմական արժէքն ու պատգամը:

Ինչպէս որ իր գիրքին մէջ շեշտած է, Մութաֆեան ընդգծեց Հայաստան – Կիլիկիա անքակտելի կապը` իբրեւ հայու պապենական օրրանը ներկայացնող, հողին ուժը դրսեւորող ներգործօն խթան: Ան նաեւ անդրադարձաւ հայու ճկուն դիւանագիտական հմտութեան, որ մեկնելով պատմական փորձառութենէն, յաջողած էր որոշ հաւասարակշռութիւն պահել իր արտաքին յարաբերութեանց մէջ, յատկապէս մոնկոլներու, բիւզանդացիներու եւ խաչակիրներու հետ իր գործակցութեան ընթացքին:

Մութաֆեան քարտէսի, թէ համապատասխան նկարներու սահիկներով մանրամասնօրէն թուեց խաչակրական արշաւանքներու հիմնած պետութիւնները Արեւելքի մէջ (այժմու լիբանանեան), Թրիփոլիէն մինչեւ Եդեսիա, Անտիոք, Երուսաղէմ եւ Հոմս:

Մութաֆեան սահիկներու միջոցով ներկայացուց միջնադարու հայ արուեստի եւ հանճարներու գլուխ գործոցներէն շատերը (Թորոս Ռոսլինը եւ անոր ժամանակակից արուեստագէտները): Անոր ցուցադրած սահիկներուն մէջ տողանցեցին նաեւ անդիմադրելի հիացմունք առթող, իրերայաջորդ սերունդներուն հայրենասիրութեան աւիշ ներարկող հայկական պատմական կոթողներն ու վանքերը, ամրոցները: Ան յատուկ հոգածութեամբ եւ յուզմունքով յիշեց այդ կոթողներու այժմու ճակատագիրը, որ հետեւանք էր թուրքերու Ցեղասպանութեան արարքներուն, ուր հայութիւն խորհրդանշող իւրաքանչիւր կոթող փորձած են քանդել` փորձելով հայութեան հետքն ու դրոշմը ջնջել իր պապենական օրրանէն: Դոկտ. Մութաֆեան այս իմաստով նշեց Զաքարէ եւ Իւանէ Զաքարեան եղբայրներու իրագործումները` վրաց Գէորգի թագաւորին հետ գործակցաբար: Շեշտելով հայոց Ս. Ծնունդին` 6 յունուար 1198-ին զուգադիպող Լեւոն Մեծագործի հայոց թագաւորութեան հաստատումը, Մութաֆեան վեր առաւ հայու գոյատեւման ոգին:

Աւարտին, «Ազդակ»-ին հետ մտերմիկ զրոյցի ընթացքին, ձեռնարկի գլխաւոր կազմակերպիչ ճարտարագէտ Րաֆֆի Չերչեան յայտնեց, որ նմանօրինակ ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ նաեւ այսօր` ուրբաթ, 5 ապրիլի երեկոյեան, Ժիպէյլի բերդին կից, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկային գիտութիւններու բաժանմունքին մէջ, ուր նշեալ կառոյցներուն կողքին իր մեծ ներդրումը ունեցած է նաեւ լիբանանցի ծանօթ մտաւորական դոկտ. Ատոնիս Աքրա:

Ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի դեսպանը, Լիբանանի մշակոյթի նախարարը, ֆրանսական դեսպանատան մշակութային խորհրդականը եւ մշակոյթի ընդհանուր տնօրէնը: Այսօրուան նիւթը կը կրէ հետեւեալ խորագիրը. «Հայերն ու լատին Մերձաւոր Արեւելքը խաչակիրներու շրջանին»:

 

Share this Article
CATEGORIES