Հաղորդագրութիւն

«Զաւարեան մատենաշար»-ի Ա. շրջանի թիւ 3-ը Լեւոն Շանթի «Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան» 128 էջնոց գիրքն է, որ այսօր իր թուայնացուած տարբերակով կը դնենք հանրութեան տրամադրութեան տակ:

Աշխատասիրութիւնը կը սկսի «Ներածական»-ով մը, ուր կը բացատրուի ազգութեան գաղափարը, կը գնահատուի ազգային զգացումը եւ այլն: «Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան» գիրքը ունի հետեւեալ բովանդակութիւնն ու ենթաբաժանումները`

Ա. «Ներածական»:

Բ. «Բնութեան ու պատմութեան բերած տարբերութիւնները»:

Գ. «Քաղաքակրթական երեւոյթներու բերած տարբերութիւններ»:

Դ. «Ժողովուրդներու անհատականութիւնը»:

Ե. «Հաշմ ու հիւանդ ժողովուրդները»:

Զ. «Ընկերային գործարանաւոր մարմինը»:

Է. «Ընկերային մարմինը սրբագրելու ճիգեր»:

Ը. «Ազգ ու պետութիւն»:

Թ. «Ազգ, ընտանիք, պետութիւն»:

Ժ. «Ազգերու դաշնակցութիւնը»:

Շանթին սոյն հատորը հրատարակուած է Զաւարեան ուսանողական միութեան 75-ամեակին առիթով` 1979-ին:

Այս աշխատասիրութիւնը առաջին անգամ տպուած է 1922-ին` «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ, յետոյ` Շանթի ամբողջական երկերուն Ե. հատորին մէջ:

Գիրքին թուայնացուած տարբերակը այսօր տեղադրուած պիտի ըլլայ ԶՈՄ-ի կայքէջի «Հրատարակութիւններ/մատենաշար» բաժինին մէջ:

ԶՈՄ-ի կայքէջի հասցէն է.- www.zavarian.org

 

Share this Article
CATEGORIES