Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Բ. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ապահովեց Բ. Հանգրուանին Իր Տոմսը

Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լեռնալիբանանի նահանգի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները` մասնակցութեամբ 32 խումբերու, որոնք բաժնուած էին 8 խմբակի: Իւրաքանչիւր խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւող խումբը ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը:

Զ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ գրաւելով առաջին դիրքը ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը:

Իսկ մնացեալ եօթը խումբերն են Շեպիպեթ Ֆըրն Շըպպեք, Շապապ Զուք, Մոն լա Սալ, Մար Եուսեֆ Պէյթ-Քոքօ, Անուար Ժըտէյտէ, Անդրանիկ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պաապտա:

Share this Article
CATEGORIES