Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մութթահետ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 45-58
Թրիփոլիի Սաֆատի մարզահամալիրը երէկ` հինգշաբթի, 4 ապրիլին, հիւրընկալեց Մութթահետ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի ճակատումներուն ծիրին մէջ:
ՀՄԸՄ-ի աղջիկները, որոնք առաջին մրցումին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ 60-38 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էին, երէկուան մրցումին եւս յաղթեցին` 58-45 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 13-9, 12-14, 6-9 եւ 14-21:
Ինչ կը վերաբերի «ֆայնըլ-ֆոր»-ի երկրորդ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ եւ իրարու դէմ հանեց Անդրանիկ Պէյրութն ու Ռիատի Պէյրութը, Ռիատի արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը:
Առաջին մրցումին Ռիատի 70-43 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
CATEGORIES Մարզական

