Ճարտարարուեստի Եւ Կրթութեան Նախարարութիւններուն Միջեւ Գործակցութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն
Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հիւրընկալեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապը, Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամը, Գիտական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու կեդրոնի նախագահ Լէյլա Ֆայեատը, որոնց ներկայութեան ստորագրուեցաւ կրթութեան եւ ճարտարարուեստի նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութեան համաձայնագիր մը:
Նշենք, որ այս համաձայնագիրին նպատակն է աշակերտները գիտակից դարձնել լիբանանեան ճարտարարուեստի կարեւորութեան եւ լիբանանեան ազգային տնտեսութեան մէջ անոր մասնակցութեան անհրաժեշտութեան:
Նախարար Սապունճեան գործակցութեան համաձայնագիրին ստորագրութեան ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ այդ համաձայնագիրը առաջինն է` աւելցնելով, որ անիկա կը միտի ճարտարարուեստի մարզին յղացքները եւ համոզումները ներառել ուսումնական ծրագիրներուն մէջ:


