Ռայի Պատրիարքը Յառաջիկայ Երեքշաբթի Օր Կը Տեսակցի Ֆրանսայի Նախագահին Հետ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը  յառաջիկայ երկուշաբթի օր հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Ֆրանսա, ուր նոյն օրը երեկոյեան հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ:

Կը նախատեսուի, որ Ռայի պատրիարքը երեքշաբթի կէսօրէ ետք Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում մը ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

Ռայի պատրիարքը Ֆրանսայի մէջ նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարեսը պիտի պարգեւատրէ շքանշանով մը, ապա ուրբաթ օր պիտի մեկնի Արժանթին:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որ հանդիպումէն ետք հաստատեց, որ Ռիատ երբեք միջամուխ չ՛ըլլար լիբանանեան ներքին հարցերուն, այլ` կը մաղթէ, որ լիբանանցիները համախոհութեամբ կազմեն նոր կառավարութիւն մը:

Ասիրի յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը ամէն ջանք ի գործ դնեն` յանգելու համար լիբանանեան ազգային երկխօսութեան` նկատի ունենալով, որ Լիբանանը զգայուն հանգրուան մը կը դիմագրաւէ:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը Ս. Զատկուան տօնին առիթով եւ անոր ներկայացուց առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքներուն դիմագրաւած հոգեկան տանջանքը:

Ռայի պատրիարքը խոստացաւ ճիգ չխնայել` լիբանանցի առեւանգուածները ազատ արձակելու առումով, յատկապէս Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին եւ լիբանանցի ու ֆրանսացի պատասխանատուներուն հետ կապերու առումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES