Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Հանդիպումները

Դեսպան Ասիրի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց շարք մը անձնաւորութիւններ, որոնց հետ քննարկեց վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն նախօրեակին երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Պըրրի ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները տեղի պիտի ունենան իրենց ճշդուած թուականին: Ան աւելցուց, որ «ըստ երեւոյթին, Մուսթաքպալ հոսանքը կ՛ուղղուի Թամմամ Սալամի թեկնածութիւնը առաջադրելու վարչապետի պաշտօնին համար, ինչպէս նաեւ կը մաղթենք, որ յաջորդ վարչապետին ինքնութեան շուրջ համախոհութիւն գոյանայ, որովհետեւ այս հանգրուանին Լիբանան կարիքը ունի միացեալ կեցուածքի` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը»:

Խուրի աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ Պըրրի մնայուն կերպով միտքեր կը փոխանակեն եւ կը խորհրդակցին:

Պըրրիի այցելեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ ինք խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ խորհրդարանի նախագահին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն ու իր դաշնակիցներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցիներուն միջեւ համախոհութիւն գոյացնել:

Արսլան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն խորհրդարանի նախագահին շնորհելու վարչապետի պաշտօնին համար քաղաքական համախոհական անձնաւորութիւն մը գտնելու պարտականութիւնը:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի:

Խորհրդարանի նախագահը յետմիջօրէին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ասիրի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իր դաշինքը ռազմավարական է, «սակայն տարբերութիւնը մեր մարտավարութիւններուն մէջ է, որովհետեւ իմ պարտականութիւնս է հսկել օրէնքին գործադրութեան եւ իբրեւ խորհրդարանի նախագահ բոլորէն նոյն հեռաւորութեան վրայ ըլլալ», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES