Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Զօր. Քահուաժիին Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Տրամադրել Լիբանանի Դէմ Սուրիական Ռմբակոծումին Տեղեկագիրները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ վերահաստատեց սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող միջազգային խորհրդաժողով մը գումարելու Լիբանանի պահանջը` նշելով նաեւ այն կարելիութիւնը, որ սուրիական հողերուն վրայ` ճակատումի շրջաններէն հեռու կամ լիբանանեան, թրքական եւ իրաքեան սահմանամերձ շրջաններուն մօտակայքը կարելի ըլլայ ստեղծել գաղթակայաններ, որոնց պաշտպանութիւնը ստանձնեն ՄԱԿ-ի յատուկ խաղաղապահ ուժեր:
Նախագահ Սլէյման բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիէն պահանջեց արտաքին գործոց նախարարութեան տրամադրել Լիբանանի դէմ սուրիական օդուժին գործած ռմբակոծումներուն տեղեկագիրները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Կիպրոսի ուժանիւթի նախարար Եորկոս Լաքոթրիփիսը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսի:
Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Կիպրոս գործակցութեան հեռանկարները, յատկապէս քարիւղի եւ բնական կազի հանքերու պեղման վերաբերեալ:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու նպատակով որդեգրուած միջոցները:


