Վարչապետի Պաշտօնին Համար Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Կ՛առաջադրեն Իրենց Թեկնածուն` Թամմամ Սալամը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի որոշումով վարչապետի նշանակման համար երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները պիտի սկսին այսօր եւ շարունակուին վաղը:
Այս ծիրին մէջ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Ռիատի մէջ ընդունեց երեսփոխան Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան վերաբերող զարգացումները:
Սալամ երեկոյեան անձնական օդանաւով մը Սէուտական Արաբիայէն վերադարձաւ Պէյրութ, որուն միջազգային օդակայանէն անմիջապէս ուղղուեցաւ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ընդարձակ նիստ մը կը գումարէին` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորայի:
Նիստին ընթացքին Սինիորա յայտարարեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն գումարած այս ընդարձակ նիստին նպատակն է քննարկել այսօր եւ վաղը կատարուելիք վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն առաջադրուելիք թեկնածուի անունը:
Նիստէն ետք Սինիորա պաշտօնապէս յայտնեց, թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կ՛առաջադրեն Թամմամ Սալամի թեկնածութիւնը` վարչապետի պաշտօնին համար:
Սինիորա յայտնեց, որ Սալամի թեկնածութիւնը առաջադրելու որոշումը համախոհութեամբ տրուած է` աւելցնելով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող բոլոր երեսփոխանները միասնականութեամբ պիտի ուղղուին խորհրդակցութիւններուն` առաջադրելու Սալամի անունը:
Իր կարգին, Թամմամ Սալամ շնորհակալութիւն յայտնեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ Ժամաա Իսլամիէին, որոնք որոշած են վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու համար իր անունը առաջարկել:
Ան մաղթեց, որ այդ առաջարկին միանան նաեւ քաղաքական բոլոր ուժերը` իրականացնելու համար լիբանանցիներուն յաջողութեան եւ բարգաւաճման ձգտումները:
Միւս կողմէ, Հարիրի «Լիուա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերահսկող կառավարութիւն մը կազմելու ընտրանքին, ինչպէս նաեւ կը մաղթէ ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին` յարգելու համար Լիբանանի ժողովրդավարական վարչակարգը:
Հարիրի բարձր գնահատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կեցուածքը` երեսփոխանական ընտրութիւններուն առումով եւ շեշտեց, որ Լիբանանի անկախութենէն ետք Սլէյման այն նախագահներէն է, որ ամէնէն աւելի կառչած կը մնան երկրին օրէնքներուն, ազգային ուխտին եւ սահմանադրութեան` ի խնդիր լիբանանեան պետութեան կերտումին եւ անոր դերակատարութեան պահպանումին:
Ան զգուշացուց նաեւ այն արկածախնդրութիւններէն, որոնք կրնան Լիբանանի իրավիճակը վատթարացնել եւ զայն հակակշիռէ դուրս բերել:


