«Արմաւիա»-ի Օդաչուները Կը Պահանջեն Իրենց Իրաւունքները
«Արմաւիա» օդանաւային ընկերութեան մօտ 25 օդաչուներ ընկերութեան սնանկացման լուրը ստանալէ ետք «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ սպասողական վիճակի մէջ էին: Օդաչուները կը պատրաստուէին բողոքի ցոյց կատարել տակաւին 21 մարտին, սակայն «Արմաւիա»-ի սեփականատէր Միխայիլ Բաղդասարով անոնց հետ հանդիպում ունեցաւ եւ յորդորեց մինչեւ 29 մարտ սպասել, եթէ խնդիրը չլուծուի, ապա ինքը` Բաղդասարովն ալ անոնց հետ ցոյց պիտի կատարէր: «Առաւօտ» կը հաղորդէ, որ «Արմաւիա»-ի մօտ 25 օդաչուներու քանի մը ամիսներու աշխատավարձ չէ վճարուած. «Պոյինկ» օդանաւի օդաչուներուն աշխատավարձը տակաւին նախորդ տարուան սեպտեմբերէն չէ վճարուած, իսկ «Էրպաս»-ի օդաչուներուն աշխատավարձը` նախորդ տարուան յուլիսէն: Իւրաքանչիւր աշխատավարձ եւ թռիչքներու յաւելավճարները միասին ամսական կը կազմեն 2500-3000 տոլար: «Արմաւիա»-ի յայտարարութիւնը ցնցած է օդաչուները: Ընկերութիւնը յայտարարեց, որ սնանկացման հոլովոյթով ալ եթէ նոյնիսկ եղած 2 «Պոյինկ» եւ 2 «Սի.Ար.Ճի.» ու 1 «Էրպաս» օդանաւերը ծախէ, օդաչուներու պարտքերը չի կրնար վճարել: Ըստ օդաչուներուն, այս օդանաւերը դրամատուներուն մէջ գրաւադրուած են, իսկ եթէ դրամատունն ալ որոշէ ծախել, դժուար թէ գնող գտնուի:

