Յովհաննիսեան Կը Պատասխանէ Գալուստ Սահակեանի Յայտարարութիւններուն
«Հանրապետականները Դաշնակցութիւնը չեն, որ զէնքի մշակոյթ ունենան: Հանրապետականները ի՞նչ կապ ունին, որ սպանութեան մէջ ներգրաւուած ըլլան: Անհեթեթութիւն է ընդհանրապէս այդ միտքը շրջանառութեան մէջ դնելը», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին, խօսելով Պռօշեանի դաշնակցական գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան մասին, յայտարարած էր Ազգային ժողովի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան` աւելցնելով, որ իր կուսակիցները «զէնքի հետ առնչութիւն կ՛ունենան միայն այլոց դէմ, ազգի թշնամիներուն դէմ, բայց երբեք մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ»:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան yerkir.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ իրեն համար զարմանալի չէ Գալուստ Սահակեանի «միտքի հերթական գոհարը», որովհետեւ անոնք զէնքի մշակոյթ չունին: Ան յայտարարեց, որ «անոնք ընդհանրապէս ոչ մէկ մշակոյթ ունին, որուն մասին կը վկայեն Գալուստ Սահակեանի կուսակից մարզպետ Քովալենքօ Շահգալդեանի արտայայտութիւնները: Եթէ մշակոյթի տակ կը հասկնանք կուլտուրա բառը, ապա միակ մշակոյթը, որուն անոնք կը տիրապետեն, գանձագողութիւնն է: Խաշնարածները զէնքի ի՞նչ մշակոյթ պէտք է ունենան: Զէնքի մշակոյթը սպանութեան հետ կապ չունի, զէնքի մշակոյթ կրնան միայն ազնիւ մարդիկ ունենալ, այնպէս որ ես այդ յայտարարութեան մէջ ոչ մէկ զարմանալի բան կը տեսնեմ: Իսկ ինչ կը վերաբերի ներքին եւ արտաքին թշնամիներուն դէմ զէնք ուղղելուն, կը կարծեմ, որ պարոն Սահակեան շատ լաւ գիտէ, թէ Դաշնակցութեան զէնքը որո՛ւն դէմ աշխատած է 120 տարիէ ի վեր եւ որո՛ւն դէմ կ՛աշխատի, եթէ հայ ժողովուրդին վտանգ սպառնայ»:
Վահան Յովհաննիսեան նշեց նաեւ, որ դժբախտաբար Գալուստ Սահակեանի այս յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայ ժողովուրդին սպառնացող ամէնէն լուրջ վտանգը ներսի որոշ ուժերու մտածողութիւնն է:
«Բայց մեր կանոնադրութիւնը թոյլ չի տար այդ վտանգը զէնքի սպառնալիքի ճամբով վերցնել, անոր համար մենք քարոզչութեամբ կը փորձենք համոզել, որ անհեթեթ բաներ չխօսին», եզրափակեց ան:

