Ձերբակալուածներ` Հրաչ Մուրադեանի Սպանութեան Հարցով Մոմավառութիւն Ազատութեան Հրապարակին Վրայ
Հայաստանի ոստիկանութեան տարածած տեղեկատուութեան համաձայն Պռօշեանի, գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան գործով ձերբակալուած են երեք անձեր:
Կասկածեալները ձերբակալուած են երէկ կանուխ առաւօտեան:
Ոստիկանութեան հաղորդագրութեան համաձայն, «նախաքննութեան շրջագիծին մէջ հարցաքննուած են քանի մը տասնեակ անձեր, կատարուած են քննչական համալիր փորձարարութիւններ եւ դէպքի վայրի լրացուցիչ զննութիւն: Ոստիկանութեան տարբեր ստորաբաժանումներու փոխգործակցուած միջոցառումներուն իբրեւ արդիւնք ոճիրը կատարելու կասկածանքով կան ձերբակալուածներ: Կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ հետախուզական եւ քննչական աշխատանքները` սպանութեան դէպքին բոլոր հանգամանքները պարզելու նպատակով»: Նախանցեալ երեկոյեան ոստիկանութիւնը, դատարանին որոշումով, խուզարկութիւններ իրականացուց 17 բնակարաններու մէջ` միեւնոյն ժամանակ: Բերման ենթարկուելէ ետք անոնք ազատ արձակուած էին, որմէ ետք միայն երեք անձեր ձերբակալուեցան` առայժմ 72 ժամով:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, Պռօշեան գիւղի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան փաստով յարուցուած քրէական գործի շրջագիծին մէջ երէկ աւելի ուշ ոստիկանութեան լրատուական վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան տեղեկացուց, որ ձերբակալուած են նոյն գիւղի բնակիչներ Արտակ եւ Արայիկ Պետրոսեանները:
Ոստիկանութեան տուեալներով, Արտակ Պետրոսեան 33 տարեկան է, իսկ անոր եղբայրը` Արայիկ` 31 տարեկան:
Ոստիկանութիւնը կը յայտնէ, որ ոճիրին մէջ անոնց մասնակցութիւնը հիմնաւորելու կամ հերքելու ուղղութեամբ քննչական գործողութիւնները կը շարունակուին եւ կը կատարուի նախաքննութիւն:
Զոհին եղբօրորդին` Յակոբ Մուրադեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ կը ճանչնայ ձերբակալուած եղբայրները, սակայն չի գիտեր, եթէ անոնք Հանրապետական կուսակցութեան անդամներ են, թէ` ոչ, սակայն անոնք միշտ այդ կուսակցութեան սատարած են:
«Եթէ իրենք կատարած են, ուրեմն իրենց ըսած են, որ կատարեն», յայտարարեց սպաննուած գիւղապետին ազգականը:
Նշենք, որ Հրաչ Մուրադեանի դիակը յայտնաբերած էին 2 ապրիլի առաւօտեան: Դէպքի վայր մեկնած քննչական խումբը պարզած էր, որ Հրաչ Մուրադեան մահացած էր աջ քունքին ստացած հրազէնային վիրաւորումէն: Բոլոր հիմքերը կան պնդելու, որ գիւղապետին վրայ կրակած են ՏՕԶ տեսակի հրազէնով: Պարկուճի բացակայութիւնը շատ փորձագէտներու հիմք կու տայ ըսելու, որ տեղի ունեցածը ոճրային յարձակում է:
Երէկ կատարուեցաւ Մուրադեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը, իսկ այսօր տեղի պիտի ունենայ յուղարկաւորութիւնը Պռօշեանի պանթէոնին մէջ:
Միաժամանակ, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները կատարեցին այլ նախաձեռնութիւն մը եւս. երէկ երեկոյեան Ազատութեան հրապարակին վրայ կատարուեցաւ մոմավառութիւն` ի յիշատակ դաւադրաբար սպաննուած ազատամարտիկին: Մոմավառութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ Հրաչ Մուրադեանի նուիրուած ժապաւէնը:


