Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Պերկշթրասսէի Նահանգապետը

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Գերմանիոյ Հեսսեն երկրամասի Պերկշթրասսէի նահանգապետ Մաթիաս Վիլքեսը եւ այդ երկրամասին մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պրայան Սթիվեն Ֆերան:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հեսսենի եւ Արցախի միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման եւ զարգացման հետ կապուած հարցեր:

Նախագահ Սահակեան նշեց, որ Արցախ շահագրգռուած է Գերմանիոյ եւ անոր առանձին միաւորումներուն հետ փոխադարձ գործակցութեամբ` ատիկա արժեւորելով քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական տեսանկիւններէն: Այս շրջագիծին մէջ երկրին նախագահը ողջունեց Արցախի ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ գերմաներէնի ուսուցման աջակցելու Հեսսենի երկրամասին պատրաստակամութիւնը` իբրեւ համագործակցութեան խոստմնալից սկիզբ:

Share this Article
CATEGORIES