Ակնարկ. Տարատեսակ Վարկածներ Եւ Շահարկումի Փորձեր

Պռօշեանի գիւղապետին սպանութիւնը տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու տեղի տուաւ: Իրական տուեալներու վրայ չկառուցուած վարկածներ խճողեցին մեկնաբանութիւններու մրցադաշտը: Հետզհետէ կը թուի, որ կ՛ապամշուշապատուի եղելութիւնը եւ դէպքին շարժառիթներուն վրայ ծանր ներկայութեամբ կը բացուի քաղաքական հովանոցը:

Այստեղ էր, որ «ճշմարտանման» լրատուութիւնը իր անմիջական հետեւանքները կ՛ունենար: Կենցաղայինէն մինչեւ ընտանեկան ու քաղաքական, ինքնասպանութենէն մինչեւ մօտէն ստացուած հրազէնային հարուած եւ դիպուկահարի թիրախ` սպանութեան տեսութիւնները կը շրջագայէին շատ արագ կայքէջերու տարածքներուն վրայ: Եթէ ոմանց պարագային լրատուական մրցակցայնութիւնն էր մղիչ գործօնը թէ՛ արագ լրատուութիւն ապահովելու եւ թէ՛ զգայացունց նիւթ տրամադրած ըլլալու միտումներով, ուրիշներու պարագային կրնար ըլլալ բո՛ւն շարժառիթը շղարշելու իւրայատուկ դրսեւորում:

Նման պատահարներու պէտք չէ աճապարել ամբաստանութեան հասցէագրումներ մատնանշելով: Քրէակատարողական մարմիններէն  անշուշտ պէտք է պահանջել ամէնէն արագ միջոցին բացայայտել յանցաւորները: Նոյնքան օրինաչափ է խօսիլ անպատժելիութեան եւ հովանաւորչական մթնոլորտին մասին, որուն մէջ կ՛արձակուին ազատամարտիկի կենսագրութիւն ունեցած մարդու դէմ փամփուշտները:

Քանի մը դիտարկում կարելի է կեդրոնացնել սպանութեան դէպքին առիթով:

Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու նախօրեակը խորքին մէջ յետընտրական հանգրուանի կարեւորագոյն առաջին կանգառն է, որ մէկ քաղաքի վերաբերելով հանդերձ ստացած է համապետական  եւ հասարակական լայն տարողութիւն:  Ընտրական բաւական տաք մթնոլորտի մէջ տեղի կ՛ունենայ այս սպանութիւնը, որ  առնուազն քաղաքական լուռ շարժառիթներու մասին մտածել կու տայ:

Նախագահական ընտրարշաւի նախօրէին նախագահական թեկնածուներէն մէկուն դէմ կատարուած մահափորձը եւս կենցաղային-քաղաքական շարժառիթներու մեկնաբանութիւններու միջեւ մնացած է: Առայսօր չեն յստակացած բուն դրդապատճառները` ձերբակալեալներու գոյութեամբ հանդերձ:

Ընտրական ժամանակահատուածներու ետին թաքնուելով ապակայունացման փորձ կատարելու դրսեւորումներով բացատրելը այս պատահարները, կրնայ շատ համոզիչ չթուիլ` ենթադրեալ վարկած իբրեւ արձանագրուելով հանդերձ:

Յստակ է նաեւ այն, որ սպանութեան շարժառիթը կենցաղային բնոյթ ունեցած ըլլալու պարագային անպայման հանգամանքները պարզուած կ՛ըլլային: Երբ մինչ այժմ որեւէ լուսաբանութիւն չկայ այդ ուղղութեամբ, պատճառ մը եւս կ՛աւելնայ պատահարին պատճառականութեան քաղաքական բնոյթին վրայ կեդրոնանալու:

Կասկածեալներու կամ ձերբակալեալներու նոյնիսկ ենթադրեալ կուսակցական պատկանելիութիւնները չեն նշանակեր անշուշտ, որ տուեալ կուսակցութիւնը կը կանգնի սպանութեան ետին: Միաժամանակ սակայն, պարկեշտ պիտի չըլլար սպանութեան առիթի շահարկումը եւ Դաշնակցութեան հասցէին «մշակութային» դասեր շռայլելը: Նման պահերու յայտարարութիւնները որքան զուսպ ըլլան, որքան փորձեն պահպանել առարկայականութիւնը եւ անտեղի մեղադրանքներ չհրամցնելու կամքը, այնքան կացութեան վերահսկողութեան սատարած կ՛ըլլան: Դաշնակցութիւնը միշտ բացառած է ներազգային դաշտին մէջ լարուածութեան եւ բախումնային իրավիճակներու առաջնորդող ուղիներու ընտրանքը:

Նման կարմիր գիծեր շրջանցողները պէտք է շտապ բացայայտուին եւ պատժուին օրէնքի խստութեամբ:  Մինչ այդ սակայն, նուազագոյն ըսելաձեւով բարոյական չէ նման սպանութիւնը քաղաքական առաւելներ ապահովելու համար շահարկումի ենթարկելը: Մանաւանդ որ մենք գործ ունինք ազատամարտիկի կենսագրութիւն ունեցող, Շուշիի գումարտակի հիմնադիրներէն հանդիսացած եւ Պռօշեանի համայնքին անսասան վստահութեան արժանացած հեղինակութեան մը հետ:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES