Ի՞նչ Կ’ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ճամբորդութեան ծրագիր մը պիտի յստականայ: Պատրաստ եղէք կատարել պէտք եղած դասաւորումները: Ոչինչ անտեսեցէք: Օրը պիտի օգնէ դիւրութիւններ տալով:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Երազային տրամադրութիւն մը ձեզ փոխադրած է անցեալի օրերուն: Գործնական հարցերու մասին մտածեցէք շօշափելի արդիւնք ունենալու համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ մուրհակի վճարումներ ունիք, կատարեցէք ձեր պարտականութիւնը: Մնացեալը կը կարգադրուի, անպայման դուռ մը կը բացուի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բարեկամական հրաւէր մը ուղղուած է ձեզի, ընդառաջեցէք: Հոն պիտի հանդիպիք նոր դէմքերու, որոնց հետ բարեկամութիւն պիտի հաստատէք: Գոհ պիտի մնաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատախօս անձի մը պիտի հանդիպիք: Ան պիտի շահագործէ ձեզ` պատճառ դառնալով աշխատանքի ժամերու կորուստին: Հեռու մնացէք այսպիսի անձերէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ կենդանական աշխարհը կը հետաքրքրէ ձեզ, պատրաստ եղէք ստանձնելու նիւթական պարտաւորութիւն եւ ժամանակ տրամադրելու անձանձրոյթ հետաքրքրութիւններու եւ զբաղումներու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անցեալի լաւ օրերը յիշելով` պիտի փափաքիք նման վիճակ մը ստեղծել, լաւատեսութեան կնիքով: Երէկը լաւ նկատելով այսօրուան համար մի՛ տրտնջաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հեռաւոր տեղէ մը նոր լուրեր պիտի ստանաք` հեռաձայնով կամ համացանցով: Շուտով պատասխանեցէք, փոխադարձաբար ձեր լուրերը փոխանցելով: Հարազատներու միջեւ երկարատեւ լռութիւնը կասկած կ՛արթնցնէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Չարիքի դէմ չարիք ընելը կրկնակի չարիք է: Ներողամիտ եղէք ձեզի դէմ եղած չարամիտ կեցուածքին նկատմամբ: Օր մը կը զղջան եւ եղածին համար ներողութիւն կը խնդրեն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ սպասէք, որ ձեր աշխատանքը հրապարակաւ յայտարարուի: Կարեւորը ձեր իրագործումէն ձեր գոհ մնալն է: Օրը իրեն հետ բարիք պիտի բերէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նոր ծրագրի մը վրայ հակած էք, կ՛ուզէք աւարտել շուտով: Եթէ օգնութեան կարիք ունիք, դիմեցէք փորձառու անձի մը բացատրութեան եւ օժանդակութեան:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գարնանային այս հանգրուանին կրնաք մանուկները պտոյտի տանիլ այս շաբաթավերջին: Դուք եւս պիտի ուրախանաք` յիշելով ձեր մանկութիւնը:

