ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ երէկ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Պաչօ Ախալայայի հետ քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական համագործակցութեան հեռանկարները:

Պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցած է պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպում` ընդլայնուած կազմով: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական համագործակցութեան հեռանկարները եւ շրջանի ռազմաքաղաքական դրութիւնը:

Այնուհետեւ նախարարները դէմ առ դէմ հանդիպում մը ունեցած են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES