ՇԵՆԿԵՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ ՊԻՏԻ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԻ

Պրիւքսելի մէջ` Ֆրանսայի ճնշումով որդեգրուած Եւրոպական յանձնաժողովի առաջարկը կը յայտնէ, թէ Եւրոպական Միութիւնը պիտի ընէ ամէն բան` չխախտելու համար Շենկենի համաձայնագիրի հիմնական դրոյթները, սակայն բացառիկ պարագաներու պիտի ընդլայնէ այս կամ այն երկիրներու սահմանին վրայ ժամանակաւորապէս վերահսկողութիւն սահմանելու կարելիութիւնները:

«Քորրեսփոնտընթ.նեթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Շենկենի համաձայնագիրի 23-րդ յօդուածը այդպիսի միջոցառումներ կը նախատեսէ, սակայն յստակ կերպով չի սահմաներ, թէ որո՛նք են այդ բացառիկ պայմանները, եւ ի՛նչ է որոշում կայացնելու մեքանիզմը: Այս յօդուածը բազմաթիւ անգամ կիրարկուած է մարզական մեծ իրադարձութիւններու ընթացքին, երբ համակիրներու մեծ հոսք տեղի կ՛ունենայ, ինչպէս նաեւ Սպանիոյ մէջ թագաւորական հարսանիքի կայացման, Փորթուգալի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ժամանակ: Իրադարձութիւններէն ետք սահմանի վրայ դրուած արգելքը կը վերցուէր: Եւրոպական յանձնաժողովի նոր առաջարկը կ՛աւելցնէ թիւը այն պայմաններու, որոնց պարագային առնչակից երկիրը կրնայ ժամանակաւորապէս անցագրային վերահսկողութիւն հաստատել իր սահմաններուն վրայ:

Անոնց շարքին կ՛աւելնայ այն պարագան, երբ «խախտում» կը յառաջանայ պետութեան մը կողմէ, որուն սահմանը Եւրոպական Միութեան արտաքին սահման է: Երկրորդ պարագային` երբ Եւրոպական Միութեան արտաքին սահմանը կ՛ենթարկուի «հզօր» եւ «անսպասելի» ներգաղթի ճնշումի:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինի այս առաջարկը` զայն անուանելով «օգտակար ներդրում» եւ «հետագայ բանակցութիւններու համար շատ լաւ հիմք»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES