ՄԱՐՈՔ ԾՈՑԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑԵԼՈՒ ԻՐ «ԲՈՒՌՆ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ» Կ՛ԱՐՏԱՅԱՅՏԷ

Թայէպ Ֆահրի

Մարոքի արտաքին գործոց նախարար Թայէպ Ֆահրի Ապու Տապիի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավար շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտ Ալ Նահիանի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Ռապաթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու յարաբերութեանց մակարդակը տարբեր մարզերու մէջ երկարատեւ համակարգումի եւ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք բարձր է եւ այդ մէկը «խոստմնալից գործընկերութեան» ճամբով յարաբերութեանց աւելի բարձր մակարդակի ճամբան կը հարթէ: Ան ողջունեց համախմբումին մաս կազմելու Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին կողմէ Մարոքին ուղղուած հրաւէրը:

Մարոքի արտաքին գործոց նախարարը ձեռնարկած է Ծոցի արաբական երկիրներ շրջապտոյտի մը, որուն նախօրեակին յայտարարեց, որ Ռապաթ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին մաս կազմելու «բուռն վճռակամութիւն» ունի` նշելով, որ «պէտք է այդ մէկը հանգրուանային կերպով ամբողջացնել»:

Նշենք, որ Մարոքի արտաքին գործոց նախարարը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելելէ առաջ այցելած էր նաեւ Սէուտական Արաբիա:

Share this Article
CATEGORIES