ԹԱԼԵՊԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՔԱՐԱՉԻԻ ՄԷՋ ԱՀԱԲԵԿԵՑ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ՕԳՆԱԿԱՆԸ
Անծանօթ զինեալներ երէկ առաւօտեան ահաբեկեցին Քարաչիի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսին օգնականը: Զինեալները մոթորսիքլեթով մօտեցան սէուտցի դիւանագէտ Հասան Քըմթանիի ինքնաշարժին, երբ ան կը մօտենար հիւպատոսարանի շէնքին: Փաքիստանեան ապահովական մարմինները անմիջապէս փակեցին դէպի սէուտական եւ պահրէյնեան հիւպատոսարաններ տանող ճամբաները:
Փաքիստանի Թալեպան շարժումը ստանձնեց սէուտցի դիւանագէտին ահաբեկման պատասխանատուութիւնը: Փաքիստանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ապտել Ազիզ Ղատիր յայտնեց, որ «կը դատապարտենք այս յարձակումը եւ ոեւէ անձ, որ այսպիսի յարձակում կը գործէ, չի կրնար իսլամ ըլլալ»:
Նշենք, որ քանի մը օր առաջ Քարաչիի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դէմ նետուած էր ձեռնառումբ մը, որ զոհեր չէր պատճառած:
CATEGORIES Միջազգային