Էտուար Պետրոս Խաչերեանի Քառասունքին Առիթով. Լուռ Ու Բարի Արուեստագէտ Կահագործը
Անտարբերութեան թշնամին եմ ես`
Անհաշտ, անզիջում, մոլի ոսոխը…
Պարոյր Սեւակ
Քառասուն օրեր առաջ վերջին հրաժեշտով Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ հողին յանձնուեցաւ մարմինը Էտուարին: Այսօր կը զգանք տակաւին անոր մահուան կսկիծին մեծութիւնը:
Ի՞նչ բառերով բնորոշել Էտուար Պետրոս Խաչերեանի անբիծ սիրտն ու ազգօգուտ ներդրումը, հաւատարմութեա՞մբ` իր աշխատանքին, սիրով հանդէպ իր ընտանիքին, թէ՞ համեստ ու բարեպաշտ ընտանիքի մը զաւակը ըլլալու հանգամանքով, ծանօթ ու սիրուած անձնաւորութիւն մը ըլլալու իրողութեամբ:
Բազում տարիներ ալ սահին` անմոռանալի եւ անբասիր Էտուար Խաչերեանին յիշատակը պիտի մնայ անթառամ:
2013 թուականի մարտ 1-ին, ձմեռնային անձրեւոտ օր մը, յաւերժականի ուղեւոր դարձաւ սիրելի ու յարգելի անձնաւորութիւն մը` Էտուար Խաչերեան:
Ազնուազարմ հայ մը ընդմիշտ բաժնուեցաւ մեզմէ` ետին ձգելով վառ յուշեր:
Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւր սկիզբ ունի իր վախճանը, բայց մարդկային կեանքի մէջ այդ անխուսափելի պահը, այդ հրաժեշտի պահը խորհրդաւոր է, որովհետեւ ամբողջ կեանք մը կը գտնէ վերջ:
Էտուար Խաչերեան ծնած է Կիլիկիոյ Էյպէզ գիւղաքաղաքը, 1932-ին, համեստ ընտանիքի մը զաւակը, որ փոքր հասակին սիրած էր կահագործութիւնը:
1959-ին ան կ՛ամուսնանայ Ծովինար Մանուշակեանին հետ անոնք կը կազմեն իրենց բոյնը որմէ ետք Ամենակարողը իրենց կը շնորհէ երկու զաւակներ Փիթըր եւ Լենա:
Երկու զաւակներու հայր Էտուար կը բաւարարուէր իր առօրեայով ու առողջ դաստիարակութիւն ջամբելով իր զաւակներուն:
Այսօր մեր յիշողութեան առջեւ կը կանգնի բարի, լուռ, ծառայասէր եւ ժպտադէմ, տարիներու բեռան տակ կքած, յոգնած եւ բազմապիսի ու բազմաբնոյթ դրական գործերով, շէնշող բնաւորութեամբ, մնայուն ժպիտով, հայ հօր ամրակուռ հաւատքով, անանձնական սիրոյ ապրումներով եւ ապագայի հանդէպ միշտ վառ յոյսերով անձնաւորութեան, որ կեանքի իր վազքին ու թոհուբոհին մէջ, ասպարէզի իր բարոյական յառաջընթացին մէջ, չշեղեցաւ ուղիէն, ամբարտաւան չդարձաւ, այլ մնաց միշտ հեզ ու բարի:
Էտուար Խաչերեան մնաց օրինակելի հայր մը մինչեւ իր վերջին շունչը: Դաստիարակեց իր զաւակները մինչեւ անոնց յաջողութիւնը` ըլլայ այդ ուսումի, հայրենասիրութեան, հայագիտութեան եւ քրիստոնեայ ապրելու իմաստով:
Սրտակցիլ գիտէր, որովհետեւ ազնուօրէն բարի էր հոգիով, մարդոց հանդէպ բաց ու փխրուն սիրտ ունէր, բռնազբօսիկ ու ժամանակաւոր երեւոյթ մը չէր, արտաքին փայլուն շպար չէր, այլ ծնունդով եկած մնայուն երեւոյթ մըն էր իր մէջ:
Ժամանակէ մը ի վեր ֆիզիքական եւ առողջական հարցեր կը դիմագրաւէր` հանդարտօրէն եւ քաջասիրտութեամբ:
Հակառակ իր ֆիզիքական նշմարելի մաշումին` ան կը պահէր իր առողջ ու պայծառ իմացականութիւնը եւ տրամաբանութիւնը: Ան կուռ հաւատացողն էր վաղուան արշալոյսին:
Խոր պաշտամունք ունէր հայ աւետարանական անձնուրաց նուիրեալներուն, անոր կուռ յարանուանութեան ոգեղէն արժէքներուն եւ հաւատքին նկատմամբ:
2007-ին Էտուար եւ իր կողակիցը կը մեկնին Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա քաղաքը հաստատուելու եւ իրենց կեանքը շարունակելու իրենց դուստրի կողքին, եւ այնտեղ ալ Էտուար կը կնքէ իր մահկանացուն, 1 մարտ 2013-ին:
Այս տխուր առիթով, յանուն Էյպէզի հայրենակցական միութեան վարչութեան, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր այրիին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն, հայ աւետարանական համայնքին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը յարգեն անոր յիշատակը:
Թող հողը թեթեւ ճնշէ քու յոգնատանջ ուսերուդ, սիրելի Էտուար:
Խունկ ու մոմ` անթառամ յիշատակիդ:
Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի:
ԷՅՊԷԶԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պուրճ Համուտ, 6 ապրիլ, 2013

