Հող-Հայրենիքի Տիրութեան Իրաւունքի Մասին
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հող-հայրենիքի տիրութեան պայմաններուն մասին պէտք է խօսիլ, ազգային գաղափարախօսութեան եւ ազգի տոկալու տեւելու տեսանկիւնէ:
Այս տիրութեան եւ տոկալու ու տեւելու հարցով ազգային ռազմավարութիւն ունի՞նք: Եթէ ունենայինք, գործադրուող-իրականացուող հայրենադարձութիւնը կը կազմակերպուէր, օրակարգ կ’ըլլար ոչ թէ ճառ խօսելու համար: Եթէ ունենայինք, աղէտ-արտագաղթը տեղի չէր ունենար, եւ արտագաղթը հասկնալու համար որձեւէգ ճապկումներու անձնատուր չէինք ըլլար: Այս` ե՛ւ ներսը, ե՛ւ դուրսը:
Հող-հայրենիքի տիրութիւնը ո՛չ բաժակաճառ է, ո՛չ ալ շաբաթավերջի զուարճացնող ճառ: Ան ազգի որպէս այդպիսին տեւելու համար անշրջանցելի յանձնառութիւնն է: Իսկ այդ յանձնառութիւնը եթէ չարտայայտուի զանգուածային մասնակցութեամբ եւ տնտնայ յարգելի փոքրամասնութեան մը մակարդակին, պէտք է ամենայն անկեղծութեամբ ընդունիլ ազգային ձախողութիւնը: Պղպջակային իրարանցումը քաղաքականութիւն չէ, այլ հով է, որ կը փչէ «էսթեպլիշմընթ»-ի առագաստներուն մէջ:
Երբ ցեղասպանութեան ճանաչման համար քարոզչութիւն կը կատարենք եւ քաղաքական համարուած իրարանցումներ կը կարծենք ստեղծել դռներ բախելով, ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ դէպքը չենք ենթարկեր իսկական եւ թափանցիկ վերլուծման` ուղղելով պարզ հարցումը. ԻՆՉՈ՞Ւ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՐԾՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ՅԱՆԳԵՑԱՒ ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՄԱՆ:
Քաղաքական սխալ է ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ եւ ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒՄ յղացքները իրարմէ անջատել: Ի վերջոյ, իսկական քաղաքական նպատակը ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒՄն էր եւ ոչ ցեղասպանութիւնը, որպէսզի դատարկուի հայոց հայրենիքը եւ եկուորը տէր դառնայ հողին:
Հայկական հարցը փակուղի կ’առաջնորդուի, երբ քաղաքական նպատակը չի հասկցուիր, եւ մենք հետեւանքներու մէջ կը թափառինք:
Այս խնդիրը սուր կերպով կը դրուի այսօ՛ր: Շուրջ 770 օրեր կը բաժնեն մեզ 24 ապրիլ 2015-էն: Մանկապարտէզի ամավերջի յայտագրին պէս կրկնութիւննե՞ր պիտի ըլլան` նախորդ տարիներու կարգախօսներով, թէ՞ փակուղիէն դուրս գալու նախաձեռնութիւններու մասին պիտի խօսուի: Գիտենք, որ նոյնիսկ առանց ծրագրումի, հոն, ուր հայ կայ, կը բաւէ կոչ ընել «ապրիլ 24»-ի համար եւ համախմբումներ կ’ըլլան, հոգեպարար ճառերով եւ որպէս զարդ` երբեմն ալ օդին մէջ ճօճուած բռունցքներով:
Ի՞նչ պիտի ընենք, ի՞նչ կայ ծրագրուած, որպէսզի ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՄԱՆ ԱՂԷՏը սրբագրուի: Առանց այս ծրագրումին եւ այդ ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքի` մենք կը տնտեսենք տեղատուութիւնները, մաշումները, եւ հուսկ հրաժարումները (ինչպէս` արտագաղթը եւ ապահով հորիզոններու որոնումը), որքան ալ հնչեղ ըլլան բարձրախօսներով թնդացող ճառերը:
ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՄԱՆ ԱՂԷՏը սրբագրելու համար նախ պէտք է ներկայանալ մեր ժողովուրդին եւ միջազգային հանրութեան ՊԱՏՄԱԿԱՆ եւ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ճանաչում ունեցող հայոց հայրենիքի ուիլսընեան կոչուած սահմաններու անսակարկելի իրաւունքով:
Հայաստանը նորաբոյս ժողովուրդի մը նորաբոյս երկիրը չէ: Այդ կը վկայեն հին դարերէն մնացած եւ մինչեւ արդի ժամանակները գծուած քարտէսները: Այդ իրաւունքը ընդունուած էր մինչեւ քսաներորդ դարու սկիզբը եւ 1920-ին յանգեցաւ միջազգային համաձայնութեան` Սեւրի դաշնագրով: Այսօր, Սեւրի դաշնագրի հարցով հայ ժողովուրդը քաղաքական եւ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ պահանջ ունի ոչ միայն Թուրքիայէն, այլ նաեւ` այդ դաշնագիրը ստորագրող պետութիւններէն:
«Բարոյական» բառը զարմանք կը պատճառէ, երբ կը խօսուի քաղաքականութեան մասին: Բայց այդ բառը այնքա՜ն յաճախ կը գործածուի, երբ անոր ետին ուժ կայ: Մէկ կէտ կայ, որ զիս միշտ ընդվզեցուցած է:
Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած էին մէկ կողմէ Հայաստանը, միւս կողմէ` ԹՈՒՐՔԻԱՆ եւ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐԸ, անոնց շարքին` Ֆրանսան, Անգլիան, Միացեալ Նահանգները:
ՈՉ ՈՔ ՉԵՂԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐԱԾ Է ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ: Հետեւաբար ան ի զօրու է:
Փոխարէնը ստորագրուած է Լոզանի դաշնագիրը` առանց Հայաստանի եւ հայերու մասնակցութեան:
Այս ճշդումը կարեւոր է հաստատելու համար, որ Լոզանի դաշնագիրը քաղաքական-բարոյական գայթակղութիւն մըն է եւ պէտք չէ վարանիլ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել անոր վրայ, նոյնիսկ եթէ բարեկամ համարուածներ պիտի դժգոհին:
Ի՞նչ կ’ըսեն իրաւագէտները:
Հարցում: Չկա՞յ ատեան մը, ուր կարելի ըլլայ դատական հարց յարուցել եւ պատասխանատուութիւններ ճշդել: Մի՞թէ չ’ըսուիր, որ ՕՐԷՆՔը գերիվեր է այլ նկատումներէ:
770 օրեր կը բաժնեն մեզ 24 ապրիլ 2015-էն: Այդ 770 օրերը բաւարար չե՞ն այս հարցը դատարան տանելու:
Ո՛չ աղմուկ, ո՛չ կարգախօս, ո՛չ ճառ:
Իրաւական հարց մը կայ:
Վերստին բանալ էջերը Մանտելշթամի գիրքին. Le Problème Arménien devant la Société des Nations:
28 մարտ 2013, Պուրճ-Համուտ

