Կեդրոնականցի Արմենակին Աչքը Եւ Ականջը

Խնդալ յանձնուիլ է: Չարը չի յանձնուիր երբեք,
բոլոր թարթիւֆները չեն խնդար:
Հրաչ Զարդարեան, «Որբացող Մարդիկ»,
Փարիզ, 1953, էջ 221

– Հայը ինքնիր վրայ ծիծաղիլ չի գիտեր, այնքա՜ն վարժուած է ինքնիր վրայ լալու, ոչ արգահատելու:

Այս ըսելու համար հեռաձայնեց միշտ տագնապող Արմենակ:

– Սիրելի՛ս, «Ծիծաղ»-ը դրացի Իւէթը եւ Քարլան, Քեւինը եւ Մայքը թերեւս կը հասկնան, արաբահայաֆրանսախառն «սքեչ»-ներ եւ «ուանմենշօ» դիտած են եւ ցնդաբանութիւններէ վարակուած` խնդացած: Բայց ի՞նչ պիտի հասկնան սա «գրաբար» «արգահատիլ»-էն: Եթէ այդպէս խօսիս, քեզ վարդապետ պիտի կարծեն, ինչպէս որ դասական երաժշտութիւնը սուգի նուագ կը համարեն արհեստավարժ աղմկարարները:

– Գիտես, երկրորդ բնութիւն դարձուցած ենք լացը, սուգը` անդադար յիշելով եւ յիշեցնելով, որ մեզ ջարդած են: Սուգ եւ լաց գութ կ’ակնկալեն: Անդին` մեր բազմագոյն սնափառութիւնը կ’ուզէ պերճաշուք բնակարաններ ունենալ, ընդարձակ, ուր տոհմը կրնայ բնակիլ փոխան զոյգի կամ առանձին մնացած այրիի: Սուգը մոռցած, կապոյտ կամ ոսկի ուիսքի կը ցուցադրենք: Նոյն գիծին վրայ, երիտասարդը դրամ փոխ կ’առնէ հարսանիքի ճաշկերոյթի համար եւ չորս տարի պարտք կը վճարէ: Փոխառութիւն կ’ընէ հայ աղջիկը քիթ, բերան, շրթունք վերաշինելու համար: Մեր ծանօթ Ագապիին աղջիկը, Քարոլինը, չենք ճանչնար, երբ ճամբան անոր կը հանդիպինք:

– Արմենակ, գիտես, ֆրանսացին կ’ըսէ, որ ծիծաղելիութիւնը մարդ չի սպաններ:

– Ճիշդ այդպէս, Մակա՛ր, դպրոցով երբեք չզբաղած թոշակառուն դպրոց ղեկավարելու ջերմով կը վարակուի, եւ եթէ Չինաստանի հաւային վարակին դարման կայ, այս դատարկ փառասիրութեան դարման չկայ:

– Որովհետեւ ծիծաղելիին համար խնդալ չենք գիտեր: Վաթսուն տարի առաջ հայ գրողը ըսած էր, որ` «թարթիւֆները չեն խնդար»: Յաճախ կը յիշեմ մերկ թագաւորին եւ անոր կեղծաւոր հիացողներուն պատմութիւնը® Երէկ եւ այսօր, հայ կեանքի մէջ «թարթիւֆ»-ները բանակ են, բայց, ափսոս մեզի, Մոլիէր չենք ունեցած, եւ խնդալու ունակութիւնը չենք զարգացուցած,- ըսի Արմենակին:

– Եթէ այդ բոլորը տեսնես, ըսես եւ խնդաս, յանցաւոր կ’ըլլաս: Բարեբախտաբար, կառափնատը` «կիյոթին»-ը, չի գործեր: Թէեւ «կիյոթին»-ի պէս բաներ կան «թարթիւֆ»-ներու կապարճին մէջ: Այսքա՛ն, Էլպիսը կ’ուզէ, որ շուկայ երթամ,- եզրակացուց Արմենակ:

ՄԱԿԱՐ, 1 ապրիլ 201Յ,
Լիբանանի լեռներէն դիտելով լիլիփութները


Share this Article
CATEGORIES