Երջանիկ Ըլլանք
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Պութանի Հիմալայայի վրայ (Ասիա) գտնուող պզտիկ թագաւորութիւն մըն է: Անիկա օտարներուն առջեւ փակ էր մինչեւ 1970 թուականը: Սակայն ան որոշեց իր սահմանները բանալ, սակայն` առանց հրաժարելու իր աւանդական ապրելակերպէն:
Հոն երկրին հարստութիւնը կը չափուի իր բնակիչներուն երջանկութեան մակարդակին բաղդատած:
Այս գաղափարէն ներշնչուելով` Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը որոշեց նշել 20 մարտ 2013-ին առաջին Երջանկութեան միջազգային օրը:
***
Առաջին հերթին Երջանկութեան միջազգային օր մը քիչ մը անօգուտ կամ անիմաստ կրնայ թուիլ: Սակայն երջանկութեան իրաւունքը մարդկային իրաւունք մըն է եւ պէտք է զայն պահպանել:
Պատահական չէ, որ այս միջազգային օրը ստեղծուեցաւ, երբ ամբողջ աշխարհը տնտեսական տագնապ մը կ՛ապրի:
Մարդիկ տխուր են: Պէտք է անոնց օգնել` իրենց ժպիտը վերագտնելու:
Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է ուրախ ըլլալ, երբ կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, ուր պատերազմ կայ, կամ` երբ աղքատ ենք, հիւանդ կամ անօթի:
Այս պատճառով է, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, որուն գլխաւոր պաշտօնը աշխարհի մէջ խաղաղութեամբ զբաղիլն է, պետութիւններէն խնդրած է ամէն ճիգ թափել իրենց բնակիչներուն երջանկութիւնը պահպանելու համար:
Մարտ 20-ը Երջանկութեան միջազգային օր նշանակելով` Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը պետութիւններէն կը պահանջէ որոշումներ տալ իրենց երկրին մէջ, եւ յատկապէս` մանուկներուն կեանքը բարելաւելու համար:
Հարցարան
Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ
1) Ընձուղտին ձագը այնքան զօրաւոր եւ աշխուժ է, որ ան կրնայ իր մօրմէն աւելի արագ վազել` իր ծնունդէն հազիւ երեք օր ետք:………….. Ճ/Ս
2) 1892-ին իտալական օրէնքը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ: Այլեւս աղջիկները 12 տարեկանէն աւելի մեծ պէտք է ըլլային ամուսնանալու համար:………………………… Ճ /Ս
3) Ֆրանսայի մէջ գոյութիւն ունի գիւղ մը, որ կը կոչուի «Y»:………………………… Ճ/Ս
4) Ոչ մէկը գիտէ, թէ ո՛ւր թաղուած է Մոցարթ:………………. Ճ/Ս
5) Մութ սենեակի մը մէջ պատկերասփիւռ դիտելը վտանգաւոր է աչքերուն համար:…………………… Ճ/Ս
6) Կղէոպատրան չէր հանդուրժեր կովերուն բառաչները: Օր մը ան կը հրամայէ բոլոր ագարակապաններուն` սպաննել իրենց կովերը եւ պահել միայն քանի մը այծ կամ ոչխար:………………………. Ճ/Ս
7) Ոչ մէկ ծովային արկած այնքան զոհեր խլած է, որքան երբ «Թայթենիք»-ը ընկղմած է սառցալերան մը զարնուելէ ետք:…………………. Ճ/Ս
8) Հին ժամանակներուն, Ֆիլիփիններու մէջ, to-toները կը գործածուէին որսորդութեան համար: Հետեւաբար, ըստ երեւոյթին, to-toն ոչ միայն խաղալիք մըն է, այլ նաեւ` զէնք մը:………………… Ճ/Ս
9) Թայլանտցի Շամոյ Թիփսոյ 141,078 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած է: Ան բազմաթիւ անձերէ բազմաթիւ միլիոններ գողցած է զանոնք խաբելով:……………………… Ճ/Ս
10) Աշխարհի մէջ գտնուած ամէնէն մեծ ուլունքը ֆութպոլի գնդակի մը մեծութիւնը ունի: Անիկա չինացի աղքատ ձկնորսի մը կողմէ գտնուած է 1953 թուականին, Դեղին ծովուն մէջ:……………. Ճ/Ս
11) Կոկորդիլոսները չեն վարանիր զիրար ուտելու:………………….. Ճ/Ս
12) Բոլորին ծանօթ են Ա, Պէ, Սէ կենսանիւթերը: Սակայն գոյութիւն ունի նաեւ Իւ կենսանիւթը:………………. Ճ/Ս
13) Էքուատորի մէջ արգիլուած է ապուր պատրաստել կամ ուտել: Այս օրէնքը հաստատուած է, որովհետեւ 150 տարիներ առաջ, այդ ժամանակ իշխող թագաւորին ամէնէն փոքր որդին ծանրօրէն այրած է` իր վրայ ապուրի պնակը թափելով:……………………. Ճ/Ս
14) Սալամանտրներուն ձագերը իրենց հօր բերանին մէջ կը պահուըտին, երբ վտանգի մէջ կը գտնուին:………………….. Ճ/Ս
15) Չինաստանի Քուլանկ շրջանին մէջ գոյութիւն ունին ատամնակրկիտի վերամշակումի եօթը կեդրոններ: Կեդրոն բերուած գործածուած ատամնակրկիտի իւրաքանչիւր քիլոկրամի համար կը վճարուի մօտաւորապէս 1,5 տոլար:………………. Ճ/Ս
16) Ձիու մը ակռաները հաշուելով` կարելի է գիտնալ, թէ ան է՞գ է, թէ՞ արու: Արուներուն մեծ մասը ունի 40 ակռայ, մինչ էգերը ունին միայն 36 հատ:…………………….. Ճ/Ս
17) Պատմական մեծ արժէք ունեցող այն գիրքերը, որոնց մէջ Մարի եւ Փիեռ Քիւրի իրենց ուսումնասիրութիւնները արձանագրած են, տակաւին շողարձակ են:……………….. Ճ/Ս
18) Բրինձը Միացեալ Նահանգներ ներածելէ առաջ նոր պսակուած զոյգերուն վրայ ցորեն շաղ կու տային:…………………. Ճ/Ս
19) Կարգ մը երկիրներու մէջ ինքնաշարժները ճամբուն ձախ կողմէն քշելու սովորութիւն եկած է այն ժամանակներէն, երբ մարդիկ տակաւին կառքերով կը տեղափոխուէին:………………. Ճ/Ս
20) Համակարգիչի առաջին արկածին (քրաշ) պատճառը եղած է միջատ մը, որ խանգարում մը յառաջացուցած է համակարգիչին մէջ: Ասկէ եկած է «պակ»-ի գաղափարը, որ կը նշանակէ «համակարգչային խանգարում»:…………………. Ճ/Ս
ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
Կատուներով Սրճարան Մը
Այս իւրայատուկ գաղափարը եկած է Ճափոնէն: Անգլիոյ մէջ երիտասարդ կին մը պիտի բանայ կատուներով սրճարան մը:
Ան պիտի ընդունի մօտակայ անասուններու ապաստանի մը մէջ լքուած կատուները: Սրճարանին յաճախորդները պիտի կարենան զանոնք շոյել եւ հանգստանալ` իրենց սուրճը խմելով:
Ասիկա հետաքրքրական գաղափար մըն է յատկապէս Լոնտոնի մէջ, որովհետեւ բազմաթիւ տանտէրեր արտօնութիւն չեն տար իրենց վարձակալներուն` տան մէջ անասուն պահել:
6,4 Մեթր
Աշա` 40 տարեկան հնդիկ կին մը, սափրիչին քով չէ գացած աւելի քան 25 տարիներէ ի վեր: Այս ձեւով ան կրցած է աշխարհի ամէնէն երկար մազերու մրցանիշը արձանագրել` 6,4 մեթր:
Ան իր մազերուն հոգ կը տանի օրական 6 ժամ: Ամսական 24 շիշ շամփուէն կը գործածէ: Անոր այս երկար մազերը կը կշռեն աւելի քան 12 քիլօ, երբ թրջուած ըլլան:
Պատմական Ջութակ
«Թայթենիք» նաւուն ընկղմելէն 101 տարի ետք նաւուն նուագախումբին ղեկավարին ջութակը գտնուեցաւ Անգլիոյ շէնքերէն մէկուն ձեղնայարկի մը մէջ:
Ուալաս Հարթլի եւ իր փոքրիկ նուագախումբը շարունակեցին նուագել մինչեւ նաւուն ընկղմիլը:
Տակաւին Կը Ձիւնէ…
Աշխարհի ամէնէն մեծ ձիւնէ գնդակը աւելի քան 3 մեթր մեծութիւն ունի:
Անիկա շինուեցաւ Մարք Տիքսընի կողմէ, Քանատայի դահուկարշաւի կեդրոններէն մէկուն մէջ: Իր այս հսկայական ձիւնէ գնդակը «զարդարելու» համար Մարք անոր վրայ անցուցած է դահոյկներ եւ ցուպեր` տալու համար այն տպաւորութիւնը, որ ան իր ճամբուն վրայ առած ու տարած է դահուկողներ:
Ստեպղինին Մէջ Պահուած Մատանին
Շուէտի մէջ Լենա Փաահլսըն իր ամուսնութեան մատանին կորսնցուցած էր իր պարտէզին մէջ, 16 տարի առաջ: Ան կը կարծէր, թէ իր մատանին վերջնականօրէն կորսուած էր:
Հետեւաբար, ան մեծ անակնկալի մը առջեւ գտնուեցաւ, երբ գետնէն ստեպղին մը հանելով` նշմարեց, թէ բանջարեղէնը բուսած էր մատանիին մէջ:
Լեկոներու Հունձք
Ամերիկացի ընտանիքի մայր մը մեծ պողոտայի մը վրայ մեծ վախ պատճառած է: Ան կորսնցուցած է հարիւրաւոր լեկոներ, զոր դրած էր իր ինքնաշարժին վրայ ամրացուցած տուփի մը մէջ:
Ոստիկանութիւնը միջամտած է, եւ մաման կրցած է հաւաքել լեկոներուն մեծ մասը:
Մրցանիշ
Անիկա 0,75 մմ կողմ ունի, կ՛արժէ 300 տոլար, կը կոչուի «Եղանակի ծաղիկները» եւ միջազգային արհեստագիտական մեծ իրագործում մըն է:
Անիկա աշխարհի ամէնէն փոքրիկ գիրքն է, որ հրատարակուեցաւ Ճափոնի մէջ: Բաղկացած է 22 էջերէ, իսկ իւրաքանչիւր գիրի մեծութիւնը 0.01 մմ է: Անկարելի է այս գիրքը պարզ աչքով կարդալ: Զայն պէտք է կարդալ խոշորացոյցով:
Ժամանց

Կրնա՞ս հասնիլ մետալին` յառաջանալով միշտ նոյն կարգով` ճերմակ, սեւ, մոխրագոյն: Կրնաս շարժիլ վեր, վար եւ հորիզոնական ձեւով, սակայն` ոչ շեղակի:
Պատասխաններ
1 – Ս, 2 – Ճ, 3 – Ճ, 4 – Ճ, 5 – Ս, 6 – Ս, 7 – Ս, 8 – Ճ, 9 – Ճ, 10 – Ս, 11 – Ճ, 12 – Ճ, 13 – Ս, 14 – Ս, 15 – Ճ, 16 – Ճ, 17 – Ճ, 18 – Ճ, 19 – Ճ, 20 – Ճ:









