Յաջորդաբար Երկրորդ Օրն Ըլլալով Տուած Իր Դասախօսութեամբ` Դոկտ. Քլոտ – Արմէն Մութաֆեան Խօսեցաւ «Հայերն Ու Լատին Արեւելքը` Խաչակիրներու Շրջանին» Նիւթին Շուրջ
Գործակցաբար Մերձաւոր Արեւելքի ֆրանսական հիմնարկին եւ Մարդկային գիտութեանց միջազգային կեդրոնին (Ժիպէյլ), հնագէտ-ճարտարագէտ Րաֆֆի Չերչեանի նախաձեռնած ու կազմակերպած դասախօսական երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 5 ապրիլ 2013-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ժիպէյլի պատմական բերդին կից «Մինա»-ի հին շուկային մէջ գտնուող կեդրոնին մէջ: Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ ու լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի խորհրդական ներկայացուցիչ Միշել Տը Շատարեւեանի, ակադեմականներու, ուսանողներու եւ պատմասէր, մշակութասէր հայ եւ ոչ հայ բազմութեան ներկայութեան, լիբանանցի ծանօթ ակադեմական դոկտ. Ատոնիս Աքրա ձեռնարկը բացուած յայտարարեց ողջունելով ներկաները: Ան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօսը, ֆրանսահայ պատմագէտ, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (արտասահմանեան) անդամ դոկտ. Քլոտ-Արմէն Մութաֆեանը` հակիրճ տողերու մէջ փոխանցելով անոր կենսագրականը: Ապա խօսքը փոխանցեց դոկտ. Մութաֆեանին:
Աւելի քան մէկ ժամուան տեւողութեամբ, դոկտ. Մութաֆեան ֆրանսերէնով խօսեցաւ հայութեան պարզած իրավիճակին մասին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ` լատին-խաչակրական ազդեցութեան շրջանին: Դարձեալ սահիկներու օգնութեամբ պատմագէտ Մութաֆեան անդրադարձաւ ԺԱ.-ԺԳ. դարերուն Փոքր Ասիոյ մէջ տիրող մթնոլորտին` խաչակիրներու հիմնած պետութեանց ազդեցութեան լոյսին տակ: Հիմնուելով «Մերձաւոր Արեւելքի Հայաստանը` ԺԱ.-ԺԴ. դարերուն» խորագրեալ գիրքին մէջ իր պատմագրած տեղեկութեանց վրայ` դոկտ. Մութաֆեան բացայայտեց այդ շրջանին լատին-խաչակիրներու եւ հայերու միջեւ զարգացող յարաբերութեանց ծալքերը, որոնք հետեւանք էին քաղաքական, ապահովական, մշակութայինի կողքին նաեւ խնամիական կապերու սերտացման: Փաստօրէն քրիստոնէութեան խորհրդանիշ նկատուող սուրբ քաղաքը` Երուսաղէմը ազատագրելու համար Եւրոպայի խորքերէն Արեւելք ժամանած խաչակրական արշաւանքի բազմաթիւ հրամանատարներ, կոմսեր ամուսնացան հայ իշխանուհիներու հետ: Այս երեւոյթը թափանցած էր նաեւ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորական արքունիքին մէջ: Մութաֆեան թուեց հայերէնի եւ ֆրանսերէնի միջեւ լեզուական փոխազդեցութեան նմուշներ, ինչպէս` «թագֆուր տէօ Սիս» (Սիսի թագաւոր) եւ այլն: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց լատին կոմսերու, Լուսինեաններու եւ այլ իշխանական տոհմերու հայերու հետ խնամիական յարաբերութեանց պարզած փոխազդեցութիւնը` քաղաքական, զինուորական, կրօնական, մշակութային, ընկերային, ամուսնական թէ լեզուական առումով: Խիստ տպաւորիչ կերպով ան ներկայացուց Կիլիկեան թագաւորութեան վերջին շրջանի հիմնական դէմքերը: Այդուամենայնիւ, հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները իրենց ելեւէջը կ՛ապրէին ըստ տիրող աշխարհաքաղաքական կացութեան` հետեւելով երկու կողմերուն միջեւ համընկնող հասարակաց շահերուն, հետաքրքրութեանց կամ տարակարծութեանց:
Աւարտին բանախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

