«Այս Գաղութին Մէջ Կը Գտնուի Սփիւռքի Գիտական, Մշակութային Եւ Կրթական Կարողականութիւնը» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Հայկ Դեմոյեան
Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան երէկ այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն: Օգտուելով Դեմոյեանի ներկայութենէն` անոր հետ ունեցանք հետեւեալ շահեկան հարցազրոյցը:
«ԱԶԴԱԿ».- 22-23 մարտին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւն. մարտահրաւէրներ հարիւրամեակի նախաշեմին» խորագիրը կրող միջազգային գիտաժողով մը: Ի՞նչ էին այդ գիտաժողովին նպատակները եւ ինչպէ՞ս կը գնահատէք անոր արդիւնքը:
ՀԱՅԿ ԴԵՄՈՅԵԱՆ.- Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով կամ ատոր յատուկ դրուագներուն նուիրուած շատ գիտաժողովներ տեղի ունեցած են: Այս գիտաժողովը, որ կարելի է նաեւ հաւաք կոչել, ունէր քանի մը նպատակներ: Նախ եւ առաջ մէկ յարկի տակ հաւաքել այն ուսումնասիրողները, որոնք ընտրուած են պետական յանձնաժողովին կողմէ, իբրեւ փորձագիտական խումբ, այդ յանձնաժողովին փորձագիտական եզրակացութիւններ եւ առաջարկներ ներկայացնելու համար: Այսինքն` իր բնոյթով գիտաժողովը ոչ միայն գիտական հարցեր քննարկելով պէտք էր լուծէր, այլ նաեւ` նաեւ կազմակերպչական: Յաճախ մամուլին մէջ կ՛արտայայտուին կարծիքներ, թէ կրկնութիւն է եւ քննադատութիւններ կ՛ըլլան: Իրականութեան մէջ այս ձեւաչափով գիտաժողով կազմակերպելու նպատակը երկու խնդիր կը լուծէր. նախ եւ առաջ գիտական քննարկում կատարել, նոյնիսկ արդէն իսկ քննարկուած հարցերու մասին, բայց եւ այնպէս կայ երկրորդ խնդիրը, որ ցաւօք սրտի ուշադրութենէ վրիպած է: Մենք Երեւանի մէջ հաւաքած ենք այդ խումբը, որ բաւական ներկայացուցչական էր, որպէսզի անդամները ոչ միայն գիտաժողովի նիստերուն ժամանակ քննարկումներ կատարեն, այլ նաեւ ընդմիջումներու ընթացքին եւ աշխատանքներէն դուրս: Գիտաժողովը բացի զեկուցումներ լսելու նպատակէն մարդոց շփման դաշտ ապահովելու նպատակը կը հետապնդէր: Ոեւէ գիտնական կրնայ ըսել, որ լուրջ համաձայնութիւններն ու գիտական քննարկումները տեղի կ՛ունենան սուրճի սեղանին վրայ, ընդմիջումներուն կամ գիտաժողովներէն ետք, գիտաժողովներէ վերադառնալէ ետք: Խնդիր դրուած էր այդ մարդիկը հաւաքել մէկտեղ եւ ներկայացնել մեր ակնկալիքը: Թէ՛ պրն. նախագահի ուղերձի եւ թէ՛ իմ խօսքիս ընթացքին ըսուեցաւ, որ մենք կ՛ակնկալենք փորձագիտական եզրակացութիւններ եւ առաջարկներ ներկայացնել պետական յանձնաժողովին ուշադրութեան` մօտակայ երեք տարիներու ընթացքին, ըստ ժամանակացոյցի եւ իւրաքանչիւր տարուան համար կազմակերպել եւ իրականացնել շօշափելի նպատակներ հետապնդող եւ որոշ խնդիրներ լուծող առաջարկներ: Սա էր ամբողջ խնդիրը: Եղան տարբեր կարծիքներ, սակայն մենք գոհ ենք, որ հրաւիրեալներուն մեծ մասը կրցաւ գալ, անոնք հասկցան, որ մենք ինչ կ՛ակնկալենք եւ արդէն յետադարձ կապի միջոցով կ՛ակնկալենք, որ նախ պետական յանձնաժողովի կայքէջի կառուցուածքին վերաբերեալ դիտողութիւններ եւ առաջարկներ ըլլան, եւ արդէն գիտաժողովին իբրեւ արդիւնք մենք կը ստանանք առաջարկներ 100-ամեակի կազմակերպման վերաբերեալ ձեռնարկներու կազմակերպման առումով: Այսինքն` այն ինչ որ մենք կ՛ակնկալէինք մէկ երկու օրուան արդիւնքը չէր, ինչպէս սխալ կարծիք ստեղծուած է կարգ մը շրջանակներու մօտ, այլ` ատիկա շարունակական պիտի ըլլայ: Ի վերջոյ մարդիկ ֆիզիքապէս եկան, սակայն իրարմէ հեռու գտնուիլը այլեւս խնդիր չէ, անոնք կրնան իրենց ներկայութիւնը ապահովել իրենց առաջարկին միջոցով:
«Ա.».- Վաղը (այսօր) Պէյրութի մէջ եւս տեղի պիտի ունենայ ժողով մը: Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ ժողովին մասին:
Հ. Դ.- Նախ եւ առաջ Լիբանանը եւ ի մասնաւորի Պէյրութը. եթէ հայութեան համար կարելի է խօսիլ քանի մը կեդրոններու մասին, ապա անոնք են Երեւանը, Պէյրութը, Լոս Անճելըսը, Մոսկուան եւ Փարիզը. չմանրամասնենք, սակայն որոշ առումներով Հայաստանի սահմաններէն դուրս առաջինը կը նկատուի Պէյրութը: Այստեղ պէտք է ստեղծուին հարթակները, այստեղ պէտք է ստեղծուին այդ կարելիութիւնները, միջոցներն ու գործիքները, որոնցմով մենք պիտի կարենանք ոչ միայն Լիբանանի սահմաններուն մէջ իրականացնել որոշ ձեռնարկներ, այլ նաեւ այստեղ պէտք է համադրուին սփիւռքեան շրջաններու ջանքերը եւ այստեղ կազմաւորուի սփիւռքեան որոշ կեդրոն: Եթէ հաշուի չառնենք, թէ լիբանանահայութիւնը ցրուած ըլլալով հանդերձ շատ թելերով կապուած է Պէյրութի: Այստեղ նաեւ կը գտնուի սփիւռքի մշակութային, գիտական եւ կրթական հիմնական կարողականութիւնը: Պէտք է ըսենք, որ տարբեր կեդրոններու միջեւ սերտ համագործակցութիւնը, վստահ եմ, որ պիտի տայ իր արդիւնքները: Սկսեալ այս տարուընէ եւ յաջորդ տարուընէ, մեծ ծրագիրներ արդէն պէտք է ծնին: Լիբանանի կեդրոնական յանձնախումբի հանդիպումի այս նպատակը կարելի է նկատել մեր տարեկան աշխատանքային հանդիպումը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին ընթացիկ հարցեր` ի՞նչ կատարուած է վերջին մէկ տարուան ընթացքին եւ ի՞նչ կրնանք ծրագրել 2014-ին համար, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը 1915-էն չի սկսիր, այլ 1914-ին, եթէ չըսեմ աւելի կանուխ: Եթէ զուտ մեկնակէտային դիտենք, ապա կրնանք ըսել որ սկսած է: 2011-ին նախագահի հրամանագիրով արդէն դրուած է սկիզբ` ստեղծուած է պետական յանձնաժողով համազգային ներգրաւուածութեամբ: Այսինքն` 2011-ի ապրիլ 23-ը իւրօրինակ մեկնակէտն է, եւ այդ թուականէն ասդին որեւէ ձեռնարկ մենք կրնանք նկատել իբրեւ հարիւրամեակի ծիրին մէջ ձեռնարկ:
«Ա.».- Ի՞նչ են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի վերջին աշխատանքները:
Հ. Դ.- Չափազանց պատասխանատու խնդիրի առջեւ կանգնած ենք: Նախ եւ առաջ հաշուի առնելով այն ժամանակահատուածը, որուն մէջ կ՛ապրինք, ատիկա 2013, 2014 եւ 2015 թուականներն են թանգարան-հիմնարկի համար, իբրեւ միակ գործող գիտական կեդրոն եւ ցուցադրական հաստատութիւն, ուր ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը, աշխարհի մէջ մեծագոյն միաւորներ ունեցող հաստատութիւն, միայն Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող 75 հազար միաւոր ունեցող հաստատութիւն եւ թանգարանի տեսքով հսկայ ցուցադրական տարածք, որ 100-ամեակի ձեռնարկներու շարքին մէջ իբրեւ առանձին նախաձեռնութիւն եւ հանրապետութեան նախագահի հաւանութեամբ որոշուեցաւ 2.5 անգամով ընդարձակել թէ՛ գիտահետազօտական մասը եւ թէ՛ ցուցադրական մասը: Այսինքն` թանգարանը նոր հայեցակարգային հիմքի վրայ 2015-ին պիտի ներկայանայ իբրեւ նոր արհեստագիտութեամբ յագեցած թանգարան, Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը խորքային եւ նորայայտ նիւթերով ներկայացնող հաստատութիւն մը: Կը գիտակցինք, որ մեր առօրեան յագեցած է, միաժամանակ թանգարանը ցեղասպանութեան 100-ամեակի կապակցութեամբ ինքն իր ժամանակացոյցը ունի: 100-րդ տարելիցը պատասխանատու փուլ մըն է թանգարանին համար, իբրեւ, ցաւօք սրտի, ցեղասպանութեան կապուած միակ հիմնարկ: Ըսեմ, որ թանգարանին նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի պետական համալսարանի համագործակցութեամբ այս տարուընէ կը սկսի գործել ցեղասպանագիտութեան մագիստրոսի աստիճանի ծրագիր: Եւ իբրեւ արդիւնք Երեւանի մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովին, կը ստեղծուի Հայոց ցեղասպանութեան հարցով զբաղողներու միջազգային ընկերակցութիւն: Գիտաժողովին իբրեւ արդիւնք ստեղծուեցաւ կառոյց մը, որ կուռ եւ ներկայանալի պիտի ըլլայ 2015-ին եւ պիտի ըլլայ գիտնականներու շարունակական համախմբման վայր, ուր երիտասարդներ պիտի մասնակցին իրենց զեկուցումներով եւ կապ պիտի հաստատեն Հայոց ցեղասպանութեան հարցով զբաղող հայ եւ օտար գիտնականներու հետ: Վերադառնալով թանգարանին, ըսեմ, որ շատ լուրջ պատասխանատուութեան առջեւ կանգնած ենք: Թանգարանը պէտք է իրականացնէ նոր շէնքի կառուցում եւ հիներու նորոգութիւն: Թանգարանը պէտք է տարբեր երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ ցուցադրութիւններ կատարէ, հրատարակչութեամբ զբաղի, պէտք է ստեղծուին կայքէջեր, որոնք պէտք է թարմացուին, եւ բազմալեզու դառնայ թանգարանի կայքէջը: Պէտք է ըսեմ, որ թանգարանին վրայ փաստօրէն ծանրաբեռնուած էր պետական յանձնաժողովի բոլոր այս նախաձեռնութիւններուն համակարգումն ու մատուցումը:
«Ա.».- Վերջերս բացումը կատարուեցաւ «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան եւ արխիւներու թուայնացման կեդրոնին: Ինչպէ՞ս կը տեսնէք ձեր հիմնարկի եւ «Ազդակ»-ի միջեւ այս ուղղութեամբ գործակցութեան հեռանկարները:
Հ. Դ.- Չափազանց կարեւոր եւ խիստ հրատապ մէկ նախաձեռնութիւն է ու զայն կարելի է միայն ողջունել եւ շնորհաւորել նախաձեռնողները: Այսպիսի կեդրոններ ունենալը, գոնէ իմ թուարկած սփիւռքեան տարբեր կեդրոններուն մէջ, իսկապէս երջանկութիւն պիտի ըլլայ, որովհետեւ երբ կը խօսինք մեր անցեալի խնդիրներուն մասին, որոնք լուծում պէտք է ստանան, եւ պայքարինք ատոր համար, նախ եւ առաջ պէտք է պահպանել «յիշողութեան գրիչները», անոնք կրնան փաստաթուղթեր ըլլալ, արխիւային, անձնական, ընտանեկան, կուսակցական, համայնքային նիւթեր, տեղական մամուլի հաւաքածոներ: Անոնք պէտք է միանշանակ թուայնանան եւ կրկնօրինակուին: Այստեղ պէտք է հայկական հիմնարկներու միջեւ, հայաստանեան եւ սփիւռքեան հիմնարկներու միջեւ որոշակի փոխհամաձայնութիւն մը ըլլայ, որպէսզի անոնք պահ դրուին տուեալ կեդրոնէն դուրս ալ 7-8 կեդրոններու մէջ: Եթէ այսօր մենք կը խօսինք «Ազդակ»-ի թիւերուն մասին, որոնց ամէնէն հին թիւերը (1920-ական, 1930-ական թուականներու) հսկայ շտեմարան են ցեղասպանութեան յիշողութեան եւ ատոր հետ ածանցուող տարբեր պատմութիւններուն: Պէտք է մտածել այդ պատմութիւնը չնախատեսուած վտանգէ փրկելու մասին, օրինակ` ինչպիսին եղաւ Սուրիոյ մէջ, ուր այսօր չենք կրնար ըսել, թէ որքա՛ն են մեր կորուստները: Հետեւաբար, նման կեդրոններու ստեղծումը ռազմավարական խնդիր է եւ համահայկական ռազմավարութեան մաս կը կազմէ: Եւ մենք կը պատրաստուինք նաեւ մեր ունեցած հաւաքածոն` թուայնացած մամուլի եւ հազուագիւտ գիրքերու, որոնք կ՛ապսպրենք տարբեր երկիրներէ, պատրաստել «Ազդակ»-ի թուայնացման կեդրոնին մէջ:

