Քիմիական Զէնքի Միջազգային Հետաքննիչներու Սուրիա Մուտք Գործելուն Շուրջ Համաձայնութիւն Չէ Գոյացած

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի նամակի մը մէջ յայտնեց, որ տակաւին ՄԱԿ-ի եւ Սուրիոյ միջեւ սուրիական տագնապին ընթացքին քիմիական զէնքի կիրարկման վարկածները ստուգելու պարտականութիւն ունեցող միջազգային հետաքննիչներուն լիազօրութեանց շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած:

ՄԱԿ անցեալ ամիս յայտարարած էր, որ պիտի հետաքննէ սուրիական կառավարութեան այն վարկածը, թէ սուրիացի ընդդիմադիրները Հալէպի մէջ քիմիական զէնքեր օգտագործած են: Անոնք նաեւ պիտի հետաքննեն ընդդիմութեան այն վարկածը, թէ կառավարական ուժերը երկու առիթներով այդ զէնքը օգտագործած են:

Ժաաֆարիի եւ ՄԱԿ-ի ապազինման հարցերով գրասենեակի ղեկավար Անճելա Քինի միջեւ նամակներու փոխանակում մը տեղի ունեցած է: Ժաաֆարի անցեալ երեքշաբթի օր գրուած իր նամակին մէջ Քինի առաջարկած է բարեփոխումներ կատարել հետաքննութեան «օրինական եւ մատակարարման ու ֆինանսաւորման յատուկ արժեչափերուն» մէջ: Ան բազմիցս ըսած է, որ հետաքննիչները Հալէպի դէպքին առնչուած շրջաններ միայն սահմանափակ կերպով մուտք գործելու կարիք ունին:

Արեւմուտքցի դիւանագէտներ եւ ՄԱԿ-ի պաշտօնատարներ կը հաստատեն, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն քիմիական զէնքերու օգտագործման բոլոր վարկածները հետաքննելու վճռակամ է:

Իրաքի ներքին գործոց նախարարութեան մէջ գաղթականներու հարցերու պատասխանատու Շուքր Շաքեր Եասին երէկ յայտարարեց, որ հիւսիսային Իրաքի մէջ սուրիացի գաղթականներուն թիւը բարձրացած է 127 հազարի: Գաղթականները տարածուած են Տահուք, Էրպիլ եւ Սուլէյմենիյէ նահանգներուն մէջ:

Յորդանան երէկ յայտարարեց, որ շուրջ 35 հազար սուրիացի գաղթականներ մարտ 2011-ին ընթացք առած տագնապէն ետք տուն վերադարձած են: Ըստ յորդանանցի պաշտօնատարներու, Յորդանանի մէջ ապաստանած են 475 հազար սուրիացի գաղթականներ, որոնցմէ 146 հազարը` Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ գտնուող Զաաթարի ճամբարին մէջ:

«Ռաշա Թուտէյ» ներկայացուց զեկուցում մը, ըստ որուն, Լիբանանի հետ սահմանին վրայ գտնուող սուրիական գիւղերը ապահովական դժուար կացութեան մէջ են: Սահմանային Քուրնիյա գիւղը պաշտպանութեան գլխաւոր կէտն է եւ Լիբանանէն Սուրիա զինեալներու թափանցումը կ՛արգելակէ, այդ պատճառով ալ արեւմուտքէն Լիբանանի Ուատի Խալետ շրջանէն եւ արեւելքէն սուրիական Քուսէյր քաղաքի գիւղերէն հրացանաձգութեան կ՛ենթարկուի: Ըստ գիւղի բնակիչներուն, գիւղին վրայ կ՛իյնան հրթիռներ, որոնք «Սաքըր» անունը կը կրեն: Ըստ անոնց, այդ հրթիռներուն աղբիւրը Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրներն են:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES