Իսրայէլ Կը Հերքէ Եգիպտոսի Գրաւած Նաւուն Հետ Իր Առնչութիւնը

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ կտրուկ կերպով հերքեց իր առնչութիւնը զէնք փոխադրող այն նաւուն հետ, որ հինգշաբթի օր իսրայէլեան Իլաթ նաւահանգիստէն Ափրիկէ նաւարկութեան ընթացքին եգիպտական ծովուժին կողմէ գրաւուած էր:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իկալ Փալմոր ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Իսրայէլի մէջ ոչ ոք այդ նաւուն մասին բան մը գիտէ: Յստակ է, որ անիկա Իլաթէն չէր նաւարկած, ոչ ալ իսրայէլեան այլ նաւահանգիստէ մը»` աւելցնելով, որ «չեմ գիտեր ինչո՛ւ այսպիսի պատմութիւններ կը պատմեն, երբ դիւրին է փաստել, թէ անոնք անհիմն են»:

Եգիպտական ապահովական մարմիններէն պաշտօնատարներ հինգշաբթի օր յայտարարած էին, որ գրաւած են զէնքերով բեռցուած նաւ մը եւ ատոր անձնակազմը ձերբակալած, երբ Իլաթէն Թոկօ ուղեւորութեան ընթացքին եգիպտական ջուրեր մուտք գործած էր:

Share this Article
CATEGORIES