Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ վարչապետի նշանակման առումով կատարուող խորհրդակցութիւնները զուտ լիբանանեան են` աւելցնելով, որ Ռիատ երբեք միջամուխ չ՛ըլլար այդ աշխատանքին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Թամմամ Սալամ սէուտական ընտրանք է, իսկ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երբեք համոզուած չէ եղած անոր թեկնածութիւնը առաջադրելու առումով:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ երէկ այցելեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը: Ժեմայէլ յայտնեց, որ յաջորդ կառավարութեան կազմութիւնը բաւական հեզասահ պիտի ըլլայ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Մոհամետ Շաթահ մերժեց յաջորդ կառավարութեան գործունէութեան մէջ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազին պարտադրումը` աւելցնելով, որ կարելի չէ Թամմամ Սալամի վրայ այդ իմաստով ճնշում բանեցնել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ երեսփոխան Թամմամ Սալամի թեկնածութիւնը առաջադրելու որոշումը զուտ լիբանանեան է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ կազմել չէզոք կառավարութիւն մը` բաղկացած մասնագէտներէ:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան ուժանիւթի նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կ՛ուղղուին երկրին շնորհելու ազգային միութեան կառավարութիւն մը` մեկնելով երեսփոխան Թամմամ Սալամի արտասանած դրական խօսքերէն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ տարբեր տեսակէտներ կան` յաջորդ կառավարութեան դիմագիծին վերաբերող:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ Պքերքէի յայտնած այն պահանջը, որուն հիման վրայ պէտք է կասեցնել 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ թեկնածութեան առաջադրանքները, ապօրինի է:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ վարչապետի պաշտօնին համար Թամմամ Սալամի թեկնածութեան առաջադրումը ճիշդ քայլ մըն էր` նկատի ունենալով չափաւորական ըլլալու Սալամի իրականութիւնը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ ան յանձնառու է երկրին քաղաքացիական անվտանգութեան եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ փոխըմբռնումին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներէն, յայտնեց, որ Պըրրի կը փափաքի կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուած կ՛ըլլան քաղաքական բոլոր կողմերը:

