Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարազատները Դիմեցին Մագլցողական Քայլերու

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները երէկ սկսան դիմել մագլցողական քայլերու, երբ անոնք Հայ Սըլլոմի մէջ փակեցին շրջանին այն վաճառատուները, որոնց սեփականատէրերը սուրիացիներ են:

Անոնք շեշտեցին, որ սուրիական քաղաքացիութիւն ունեցող անհատներուն աշխատանքը արգիլուած է Հարաւային արուարձաններուն մէջ, այնքան ատեն որ իրենց զաւակներն ու հարազատները կը մնան առեւանգուած:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները ընդգծեցին նաեւ, որ իրենց քայլերը ուղղուած պիտի ըլլան նաեւ Լիբանանի մէջ թրքական շահերուն դէմ:

Նշենք, որ 11 լիբանանցիներ 22 մայիս 2012-ին առեւանգուած էին Ազեզի մէջ` Իրան կատարած իրենց ուխտագնացութենէն վերադարձի ճամբուն վրայ: Առեւանգուած լիբանանցիներէն երկուքը`

Հիւսէյն Ալի Օմար անցեալ օգոստոսի աւարտին եւ Աուատ Իպրահիմ անցեալ սեպտեմբերին ազատ արձակուեցան, իսկ մնացեալ ինը լիբանանցիները տակաւին կը մնան առեւանգուած:

Share this Article
CATEGORIES