Ֆրենժիէ Պոյքոթի Ենթարկեց Վարչապետի Նշանակման Խորհրդակցութիւններուն Իր Մասնակցութիւնը

Մարատա հոսանքի ղեկավար երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ հակառակ երեսփոխան Թամմամ Սալամի եւ անոր ընտանիքին նկատմամբ իր տածած յարգանքին եւ ընտանեկան պատմական յարաբերութիւններուն, անոր թեկնածութեան յայտարարութիւնը` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի բնակարանէն, յստակ ցուցանիշ էր, որ ան կը պատկանի Հարիրիի քաղաքական ուժերուն:

«Հետեւաբար, որոշած եմ պոյքոթի ենթարկել վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններուն իմ մասնակցութիւնս` Ազատ եւ միացեալ Լիբանան պլոքի անդամներուն ազատութիւն տալով արտայայտելու իրենց կամքը», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ այս որոշումը սակայն չի նշանակեր, թէ իրենք քաղաքական իրենց դաշնակից ուժերուն հետ հարցեր կը դիմագրաւեն, այլ իրենց դաշինքը մէկ է եւ իրենք կը հասկնան իրենց դաշնակից ուժերուն որդեգրած կեցուածքները` երկրին եւ շրջանին դիմագրաւած այս զգայուն հանգրուանին:

 

Share this Article
CATEGORIES