Մարուան Շարպել Կը Պահանջէ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կատարել Յառաջիկայ 16 Յունիսին
Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան յղեց օրինագիծ մը, որուն մէջ պահանջեց 16 յունիս 2013-ը նկատել երեսփոխանական ընտրութիւններու թուական:
Միւս կողմէ, անդրադառնալով Ազեզի մէջ գտնուող լիբանանցի առեւանգուածներուն մասին Թուրքիոյ վերագրուող այն յայտարարութեան, թէ այդ թղթածրարը վերջինիս հակակշիռէն դուրս եկած է, Շարպել հերքեց Թուրքիոյ կողմէ նման յայտարարութիւններ կատարուած ըլլալու իրականութիւնը:
Շարպել յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարով զբաղող նախարարական յանձնախումբը յառաջիկայ երկուշաբթի օր պիտի գումարէ իր նիստը եւ անակնկալով մը դուրս պիտի գայ` առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու ջանքերուն իմաստով:
Սուրիոյ տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Շարպել ընդգծեց, որ այդ տագնապին լուծումը միայն քաղաքական կրնայ ըլլալ` վերստին զգուշացնելով դէպի Լիբանան սուրիացի գաղթականներուն հոսքին ունենալիք վտանգաւոր հետեւանքներէն:
«Զիս ամէնէն աւելի կը վախցնէ Սուրիոյ մէջ պատերազմին աւարտով Լիբանանի մէջ անոր բռնկումը», եզրափակեց Շարպել:

