Զօր. Աուն. «Թամմամ Սալամի Շուրջ Համախոհութիւն Գոյացուցինք, Որովհետեւ Կը Զօրակցինք Ազգային Միասնականութեան Եւ Ապահովական Կայունութեան»
Վարչապետի նշանակման համար կատարուելիք երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններէն երեք ժամ առաջ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումին գումարած արտակարգ նիստին:
Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ երեսփոխան Թամմամ Սալամի թեկնածութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացած է, որովհետեւ «մենք այս հանգրուանը եւ յատկապէս այս օրը կը նկատենք փոխադարձ ըմբռնումի սկիզբ ու կը մաղթենք, որ երկիրը ընթանայ նախկին վարչապետ Սաէպ Սալամի «Հասկացողութիւն եւ փոխըմբռնում», «Մէկ Լիբանան եւ ոչ թէ երկու» եւ «Ո՛չ յաղթող եւ ո՛չ պարտուող» կարգախօսներուն համաձայն»:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ իրենք Թամմամ Սալամի շուրջ համախոհութիւն գոյացուցած են, որովհետեւ կը զօրակցին լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ երկրին ապահովական կայունութեան:
Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն պիտի չմնասնակցի:

